Լրահոս

ՉԻՆԱՍՏԱՆ-ԱՄՆ ՄԵԾ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեծ թիւով վերլուծաբաններ կը կարծեն, թէ Ուքրայնայի պատերազմը ընդամէնը սկիզբ մըն է այն մեծ հակամարտութեան համար, որ կրնայ որեւէ պահ ծագիլ Չինաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ։ Ուաշինկթըն գլխաւոր հակառակորդ կը համարէ Փեքինը։

ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔ

Հանրապետութեան նախագահի եւ 28-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի ընտրութիւնները տեղի ունեցան՝ ընտրողներու 86,28 տոկոսին մասնակցութեամբ:
Պատմական արդիւնք եւ յստակ պատկեր:
Քուէարկութեան երկրորդ փուլը անխուսափելի:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան-Քեմալ Քըլըչտարօղլու մրցակցութիւնը ստեղծեց նոր հաւասարակշռութիւններ: Խորհրդարանէն ներս ԱՔ կուսակցութեան գլխաւորած «Ճումհուր» դաշինքը ապահովեց մեծամասնութիւն: Թուրքիոյ մէջ ազգայնական տրամադրութիւնները վերելք արձանագրած են անհերքելիօրէն: Մինչեւ 28 մայիս քարոզարշաւը պիտի շարունակուի:

ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ

Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Նիկոլ Փաշինեան-Իլհամ Ալիեւ երէկուան բանակցութիւնները շուրջ չորս ժամ տեւեցին Եւրոմիութեան կեդրոնատեղիէն ներս:
Հայաստան եւ Ատրպէյճան հաստատած են փոխադարձ ճանաչումը իրարու տարածքային ամբողջականութեան: Երեւան եւ Պաքու միշտ կը քննարկեն տարածաշրջանային փոխադրութեան ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը, նաեւ մարդասիրական հարցեր: Յաջորդ ամիս հնգակողմանի ժամադրութիւն՝ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ:

ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՓՆՏՌԷ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ պէտք է փնտռել սպառազինութեան նոր մատակարարումներ, որովհետեւ հայկական կողմը առարկայականօրէն չի ստանար այն, ինչին համար վճարած է Ռուսաստանին։

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԻԶԲ

Վաղը բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Ընտրողներուն պատասխանատուութիւն կը վիճակի՝ երկրի ճակատագիրը իրենց նախընտրութիւններով որոշելու ճանապարհին:

ԹԵՐԱՀԱՒԱՏ ՓՈՐՁԵՐ

Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ վաղը Պրիւքսելի մէջ ժամադրուած են՝ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միշտ լարուածութիւն, պաշարեալ Արցախ եւ միջազգային դերակատարներուն կողմէ ջանքեր՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մը ստորագրումը ապահովելու նպատակով:

«100 ՀՐԵԱՅ ԴԷՄՔ»

Յայտնի լուսանկարիչ Ալպերթօ Մոտիանօ արդէն թեւակոխած է իր լուսանկարչական գործունէութեան 40-ամեակը։ Կը տեղեկանանք, որ յոբելենական շրջանին ան հրատարակած է «100 Yahudi Yüz» («100 հրեայ դէմք») խորագրեալ ալպոմ-գիրք մը, որու շնորհանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Գարագիւղի «Schneidertempel» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։

ՍՈԹՔԻ ՎՐԱՅ ԴԱՐՁԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Շաբաթավերջին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ, երկու երկիրներու սահմանին վրայ իրադրութիւնը կը մնայ միշտ լարուած։ Այս առաւօտ, ժամը 10.00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը վերստին թիրախաւորեցին Հայաստանի սահմանամերձ Սոթքի դիրքերը։

Էջեր