Լրահոս

ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ՝ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Ուաշինկթընի մէջ անցեալ շաբաթ կազմակերպուած արտաքին գործոց նախարարներու խտացեալ բանակցութիւններուն ի շարունակութիւն, այժմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ կը կազմակերպուի նոր ժամադրութիւն մը։

ԷՍԴՈՒԳԵԱՆԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր պաշտօնակից «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան արժանացած է մրցանակի մը։ Այսպէս, իրեն շնորհուած է Մարդու իրաւանց միութեան «Արտայայտութեան ու մտքի» տարեկան մրցանակը, որ հաստատուած է ի յիշատակ հանգուցեալ մտաւորական Այշէնուր Զարաքօլուի։

ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՃՇԴՈՒՄ

Հայաստանէն դէպի արտասահման թռիչքներու համար Թուրքիոյ օդային մարզին փակուիլը այս շրջանին անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր հայկական օդային ընկերութիւնները զրկուած են տարանցիկ նպատակով Թուրքիոյ օդային մարզէն օգտուելու հնարաւորութենէն։

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ ԱՔՑԱՆԻ ՄԷՋ

Այսպէ՛ս, ուղղակի աքցանի մէջ բռնուողը Ստեփանակերտն է, իսկ Երեւանն ալ աքցանին կոթերը բռնողներէն մէկն է, որ կը ներկայանայ հորին մէջ պարան երկարողի դիրքէ: Իսկ թէ այդ պարանով ապահո՞վ է հոր իջնելը, կամ կարելի՞ է անոր միջոցով ջուր դուրս բերել…

ՓՈԽԸՄԲՌՆՄԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ

Էնթընի Պլինքըն մասնակցեցաւ՝ Արլինկթընի մէջ կազմակերպուած Արարատ Միրզոյեան-Ճէյհուն Պայրամով քառօրեայ բանակցութիւններու եզրափակիչ փուլին:
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շարք մը առանցքային հարցերու շուրջ դիրքորոշումները կը մնան տարամէտ, կողմերը պայմանաւորուած են քննարկումները շարունակելու ուղղութեամբ:
«Յաւելեալ բարի կամքի, ճկունութեան եւ փոխադարձ զիջման պարագային համաձայնութիւնը հասանելի է», կը յայտնէ պետական քարտուղարը եւ կ՚ընդգծէ ԱՄՆ-ի աջակցութեան շարունակականութիւնը:

«ՀԱՅԱՏԵԱՑՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՎՐԷԺԸ ՊԱՔՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ԵՆ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ հայատեացութիւնն ու վրէժը Ատրպէյճանի պաշտօնական քաղաքականութիւնն են։
Փաշինեան, որ երէկ շփումներ ունեցաւ Փրակի մէջ, թէ՛ Չեխիոյ ղեկավարութեան հետ հանդիպումներու եւ թէ տեղւոյն Անդրատլանտեան յարաբերութիւններու կեդրոնին մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ հրատապ օրակարգի հարցերու։ 

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԲԱԶՄԱԲԵՒԵՌ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՍՏԵՂԾՄԱՆ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքար երէկ հանդիպում մը ունեցան Կոայի մէջ։ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։

ԱՅՍՕՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՇԵՆԹՈՓԻ ԵՒ ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Այսօր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նախատեսուած է Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆան Շենթոփի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հանդիպումը։
Երէկ կէսօրուան ժամերուն Ալէն Սիմոնեանի կողմէ գլխաւորուած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը ժամանեց Անգարա։ 

Էջեր