Լրահոս

ԴԷՊԻ ՓՐԱԿ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Փրակ, ուր շփումներ կ՚ունենայ Չեխիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Վրաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները այս շրջանին կ՚ընթանան համագործակցութեան խորացման ճանապարհով։ Միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ երկու երկիրներուն միջեւ արդէն աւարտած են՝ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի ստորագրման ուղղեալ նախապատրաստական աշխատանքները։

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմով պայմանաւորուած՝ աւելի քան 12 տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ Իրանի նախագահ մը կ՚այցելէ այդ երկիրը։

ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան այսօր կ՚այցելէ մայրաքաղաք Անգարա, ուր կը մասնակցի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովի գագաթաժողովին։ Այս տարի սոյն խորհրդարանական վեհաժողովի հիմնադրութեան 30-ամեակն է եւ այժմու գագաթաժողովը կազմակերպուած է այս յոբելեանին առթիւ։

ՆՈՐ ԷՋ ԵՒ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Օրեր առաջ համացանցի վրայ շատեր տարածեցին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքթատի Ռիատ տուած պաշտօնական այցելութեան լուսանկարները։ Դամասկոս-Ռիատ յարաբերութիւնները ո՛չ միայն պիտի բարելաւուին, այլ պիտի դառնան ռազմավարական։

ԽՏԱՑԵԱԼ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կը շարունակուին Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները:
Ուաշինկթըն Պաքուէն եւ Երեւանէն կը խնդրէ դիտարկել՝ ինչպէս լաւագոյնս պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը. երկարատեւ ու կայուն համաձայնութիւնը խաղաղութեան հիմքի վերածելու հեռանկարով:

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏԵՐԸ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի փակումով Արցախի շրջափակումը ածանցեալ նոր արգելքներ կ՚ունենայ: Բերձորի միջանցքին վրայ, Հայաստանի սահմանին մօտ եւ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ՝ Հակարի գետի կամուրջին կից Ատրպէյճան իր հսկիչ-անցակէտը տեղադրած է։

Էջեր