ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՓԱՐԻԶ ԵՒ ՊԵՐԼԻՆ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Եւրոպա։ Ան իրերայաջորդ կ՚այցելէ Փարիզ եւ Պերլին։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Եւրոպա։ Ան իրերայաջորդ կ՚այցելէ Փարիզ եւ Պերլին։
Կեանքը, ինքնին, մարդակերտումի գործընթաց մըն է։ Քաղաքն ալ համապատասխան դարբնոցի մը կը նմանի թէ՛ իր միջավայրով եւ թէ ապահոված փորձառութիւններով, որոնք կը համալրեն՝ դպրոցի մէջ ստացուած դասական կրթութիւնը։ Քաղաքը նաեւ դուռ կը բանայ դէպի քաղաքակրթութիւն…
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հովանաւորեց երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսը:
Սագօ Արեանի գիրքը բազմակողմանիօրէն արժեւորուեցաւ՝ հայաշխարհէն ներս մեր համայնքի ուրոյն դիրքի մատնանշումով:
Երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որուն զուգահեռ նշուեցաւ նաեւ մեր համայնքի երէց սերունդէն տոց. Վահէ Ալիքսանեանի ծննդեան 98-րդ տարեդարձը։ Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ, ուր ներկայացուեցաւ «Teşhiste Temel Bilgi - Propedötik» գիրքը, որ բժշկական աշխարհին տեսակէտէ մեծ արժէք կը ներկայացնէ։
Անգարա Գահիրէի ուղղեալ քայլերը կը հասունցնէ՝ մինչ Դամասկոսի պարագան որոշ ժամանակի կը կարօտի:
Թուրքիա յաջողած է յարմար պահ մը գտնել՝ Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալու համար:
Փաշինեան կառավարութեան նիստին ժամանակ անդրադարձաւ Փութինի հետ ունեցած հանդիպման:
Հնարաւորութիւն կայ Հորատիզ-Մեղրի-Օրտուպատ-Սատարաք-Երասխ երկաթուղիի վերականգնման վերսկսման համար:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեան իր մահկանացուն կնքած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Լիբանանահայութեան խորհրդանշական դէմքերէն, տիրական անուններէն մին էր Ժիրայր Դանիէլեան, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ժամանակ վնասուած աչքին դարման փնտռելու համար միջոցէ մը ի վեր կը գտնուէր ԱՄՆ-ի մէջ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շատ խօսուած է այն մասին, որ արհեստը «ոսկի ապարանջան» մըն է։ Մանաւանդ մեր (ի նկատի ունիմ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները, ուրկէ կը սերիմ) հայագաղութներուն մէջ արհեստները մերոնց համար դարձան «փրկութեան լաստ»եր։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս, (…) մեկնաբանելով Սոչիի եռակողմ հանդիպումը՝ կը վերաշեշտէր, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ներգրաւուիլ յաջորդ ամիսներուն՝ դիւրացնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմանի հոլովոյթներու հետ, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի կազմակերպութիւններու միջոցով քննարկումները: