ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ՄՕՏ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին կիսապաշտպան, Միլանոյի «Ինթեր»ի խաղացող Հենրիխ Մխիթարեան հանդիպում մը ունեցած է Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ, որուն նուիրած իր մարզաշապիկը։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ «Vatican News»ը։
Երգիծանքը կ՚երեւի ամենադժուար ոլորտներէն մին է։ Բարդ է, որովհետեւ խորք չունենալու պարագային ամբողջութեամբ կրնայ ձախողիլ։ Անշուշտ, խորքայնութեան պարագան յարաբերական է, անձէ անձ կը փոխուի. սա արդէն տարբեր հարց։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փաշինեան Ալիեւի ելոյթը կը համարէ՝ քաղաքացիական բնակչութիւնը բացայայտօրէն ահաբեկելու ուղղեալ քայլ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները երէկ հերթական անգամ խախտեցին հրադադարը։
Իսթիքլալ պողոտային վրայ երէկ տեղի ունեցաւ ահաւոր պայթում մը, որ խլեց 6 մարդու կեանք, կայ 81 վիրաւոր:
Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց Պէյօղլուի մէջ երէկ պատահած պայթումին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ՝ վշտակցութիւն յայտնելով զոհուածներուն համար։
Վերացականի, առարկայականի եւ զգացականի հատման կէտին ամէն ինչ շատ բարդ է, որովհետեւ կը հասնի ենթակայականի եզրին։ Նոյն երեւոյթին ո՛չ միայն ընկալումները, այլեւ սահմանումները կը դառնան փոփոխական։
«Ես չեմ երաշխաւորեր, որ հարցերը պիտի լուծուին, բայց խօսակցութիւնը սկսած է, կը զարգանայ, կանգ չէ առած»:
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ։