Լրահոս

ԳԱԳԱԹԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ երեկոյեան կառավարութեան պաշտօնական ընդունարանին մէջ հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը:
Երեւանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ ողջունեց հայ մամլոյ նահապետին հիմնադրութեան 115-ամեակը: Արա Գօչունեան Նիկոլ Փաշինեանին նուիրեց՝ թերթիս դարադարձի շրջանին ստեղծուած մատենաշարի շրջանակէն ներս հրատարակուած գիրքեր, նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց յոբելենական շրջանի արժեւորման համար նախատեսուած ծրագրին շուրջ:

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Եթէ ոեւէ մէկը կը մտածէ, թէ խաղաղութեան օրակարգը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան խաղաղ ոչնչացումն է, չարաչար կը սխալի»:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Պաքու կը շարունակէ նաեւ խոչընդոտել Երեւանի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, ինչ որ անկասկած կրնայ նպաստել տարածաշրջանային կայունութեան:

ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՄԻՇՏ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները երէկ ուշ երեկոյեան զանազան տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ «ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԱՆԻՒԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Երեւանի մէջ բացուեցաւ «Ժամանակի անիւը» խորագրեալ ցուցահանդէսը, նկարիչ Մոնի Յովսէփեան առաջին անգամ ներկայացուց տասն տարուան ընթացքին ստեղծած աշխատանքները։ Այսպէս, կրաֆիք-նկարիչ Մոնի Յովսէփեան «Ժամանակի անիւը» անհատական ցուցահանդէսին առաջին անգամ արուեստասէրներուն կը ներկայացնէ իր տասն տարուան ընթացքին ստեղծած շերտակտաւները (քիւիլթի):

ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԵԾՆ ԱԹԱԹԻՒՐՔԸ Կ՚ՈԳԵԿՈՉԷ՝ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԱՆՍԱՀՄԱՆ ԿԱՐՕՏՈՎ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 84-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԻՐԱԿԱՆ ՑԱՒԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Առիթով մը հեռաւոր ափերու վրայ ապրող եւ հայ մամուլի «դարաւոր» երախտաւորներէն մէկուն խմբագիրը, որ բարեկամս էր, հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ այսքան շատ կը գրես Լիբանանի մասին». չպատասխանեցի բարեկամիս, փափաքելով մինչեւ վերջ լսել իր դիտարկումը։

ՄԻՇՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ

Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց՝ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարէն երկու տարի անց:
Զախարովա. «Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղեալ Ուաշինկթընի բարի նպատակները հարցեր կը ստեղծեն»:

Էջեր