ՆԵՆՍԻ ՓԵԼՈԶԻ ՎԱՂԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզի վաղը պիտի այցելէ Հայաստան։ Երեւանի մէջ նախատեսուած են իր հանդիպումները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզի վաղը պիտի այցելէ Հայաստան։ Երեւանի մէջ նախատեսուած են իր հանդիպումները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն վրայ։ Մինչ ամբողջ հայաշխարհը մտահոգութեամբ, տագնապած կը հետեւի Հայաստանի ենթարկուած յարձակումներուն, Պերճ Սեդրակեանի այս նախաձեռնութիւնը թարգման կը հանդիսանայ անոր սպասումներուն։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումները իսկապէս ծանր հետեւանքներ ունեցան։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղեկացուց, որ Հայաստանի բանակէն 105 զինուոր նահատակուած է։ Միեւնոյն ժամանակ, ան հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն 10 քառակուսի քիլօմեթր բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ վերջին յարձակումներուն ժամանակ։
Էրտողան Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթին եւ ՄԱԿ-ի ընդհ. ժողովի նստաշրջանին կը մասնակցի:
Նախագահը այս երկու կարեւոր հարթակներուն վրայ յառաջ կը քշէ Անգարայի առաջնահերթութիւնները՝ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ:
İçişleri Bakanımız Sayın Süleyman Soylu Beyefendi'yle ülkemizdeki azınlık topluluklarının temsilcileri arasında gerçekleşen son buluşma, cemaat vakıflarımızın uzatmalı seçim sorununun çözümü bakımından bir dönüm noktası teşkil edecek niteliktedir. Yeni seçim yönetmeliğinin yayımlanması sonrasında, bu toplantı sonucunda sağlanmış olan geniş tabanlı mutabakatlar Türkiye Ermeni toplumunun uzun zamandır kangrenleşmiş bazı sorunları karşısında çözüm ufku yaratmaktadır.
Ատրպէյճանի բանակը, կրակի խտութեան երէկուան յարաբերական թուլացումէն վերջ, այս առաւօտ վերստին սաստկացուց յարձակումները Հայաստանի սահմաններուն դէմ: Նախայարձակ գործողութիւնները, ըստ վերջին լուրերուն, թափով կ՚ընթանան Վերին Շորժայի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ:
Դիւանագիտական որոնումներ. ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այսօր կը քննարկէ ստեղծուած հրատապ կացութիւնը:
Ատրպէյճանի զօրքերը կէս գիշերին Հայաստանի սահմանի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ յարձակման ձեռնարկեցին. կան նահատակներ, վիրաւորներ, կը թիրախաւորուին նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ: Վարչապետը երեսփոխաններու հարցումներուն կը պատասխանէ խորհրդարանէն ներս, ուր ներկայ է նաեւ ընդդիմութիւնը:
Ուշ գիշերին տեղի ունեցած Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովէն վերջ երեւան դիմեց Մոսկուային, ՄԱԿ-ին եւ ՀԱՊԿ-ին՝ ինքնիշխան տարածքի դէմ ոտնձգութեան ծանր պայմաններուն ներքեւ։ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի, Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Շարլ Միշելի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։ Արարատ Միրզոյեան իրադրութիւնը արժեւորեց Սերկէյ Լաւրովի եւ Քերըն Տոնֆրիտի հետ։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղած է, որպէսզի ռազմական գործողութիւններու մասին տեսանիւթերը շրջանառութեան մէջ չդրուին եւ հանրութիւնը հետեւի պաշտօնական լրահոսին։
Türkiye Ermeni Vakıflar Birliği (ERVAB) ve Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi Yönetim Kurulu Başkanı Bedros Şirinoğlu, JAMANAK'a açıklamalarda bulunarak İçişleri Bakanı Süleyman Soylu ve azınlık cemaatleri temsilcilerinin toplantısını ve sonrasında Ermeni toplumu içinde oluşan ortamı değerlendirdi. Başkan Şirinoğlu'nun açıklamaları şöyle:
Ներքին գործոց նախարար Սոյլու շաբաթավերջին ամբողջ երկու ժամ ծաւալուն խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքային վաքըֆներու աշխարհական վարիչներուն հետ՝ խումբ մը բարձրաստիճան դիւանակալներու ներկայութեամբ:
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հօր եւ Պետրոս Շիրինօղլուի մասնակցութեամբ առնուած որոշումները ընտրական նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած խնդիրներուն մեծամասնութիւնը կրնան հարթել: Ժողովի ընթացքին գոյացած լայնախարիսխ փոխըմբռնումը կ՚ապահովէ նաեւ թրքահայ կեանքէն ներս յառաջացած տարակուսանքներու յաղթահարումը, նաեւ կրնայ կանխել զարտուղի, ինքնագլուխ նախաձեռնութիւնները: Այժմ կը սպասուի բանաւոր պայմանաւորուածութիւններու գրաւոր պաշտօնական բանաձեւման:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ, Կովկասի հարցերով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի նորանշանակ աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքերը, որ այս օրերուն կ՚իրականացնէ տարածաշրջանային այցելութիւն մը, որու շրջանակներէն ներս շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։