ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Թերթիս աշխատակիցներէն բանասէր Վարանդ Քորթմոսեան, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան հրաւէրին ընդառաջ շուրջ երկու շաբաթ այցելեց քաղաքս, արդէն վերադարձաւ Երեւան։ Նախընթաց օր Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքը առնելով ան մեկնեցաւ եւ արդէն վերադարձած է իր պաշտօնին գլուխը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնէն ներս։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացի մը առաջին անգամ գաւառապետ նշանակուեցաւ։ Հանրապետական շրջանին կտրուածքով այս մէկը աննախընթաց կարգադրութիւն մըն է։
Ըստ Փաշինեանի, տեսագրութիւններուն մէջ երեւելի են դէպքէն առաջ ծուխ եւ խոյս տուող մարդիկ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Եաիր Լափիտի հետ։ Հարկ է նշել, որ 4 տարուան ընդհատումէ մը վերջ երկու երկիրները որոշած են փոխադարձաբար դեսպաններ նշանակել։
ԱՄՆ կը շարունակէ խրախուսել Հայաստան-Ատրպէյճան համապարփակ խաղաղութեան հաստատումը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետները քննարկեցին տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի ընդարձակ համալիրէն ներս շաբաթավերջին պատահած սարսափելի պայթումէն վերջ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հռչակուած է երկօրեայ սուգ։ Այսօր եւ վաղը այսպէսով բոլորը կը յարգեն զոհերու յիշատակը՝ մինչ Հայաստանի արտասահմանեան բոլոր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ բացուած են սգոյ տոմարներ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս պատահած պայթումին հետեւանքով մահացածներու շարքին կը գտնուին օտարերկրեայ քաղաքացիներ: