ԿՈՒԹԵՐԵՍ ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ՝ ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ՔԻԵՒ ԱՅՑԵԼԵԼԷ ԱՌԱՋ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը արդէն երկու ամիսէ ընթացքի մէջ է։ Սա միջազգային հրատապ օրակարգ դարձած է թէ՛ մարդասիրական ծանր հետեւանքներով եւ թէ համաշխարհային անվտանգութեան համակարգին հասցուցած լուրջ հարուածներով։ Շաբաթներէ ի վեր խաղաղութեան որոնումները կը շարունակուին, սակայն, ապարդիւն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Ապրիլի 24-ի առթիւ տեւականացուց վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացը՝ հրապարակելով պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Ապրիլի 24-ը այս տարի եւս Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին պատճառ դարձաւ լարուածութեան։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ոգեկոչման պատգամին մէջ 1915-ի դէպքերը որակեց ցեղասպանութիւն, ինչ որ Թուրքիոյ բուռն հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։
Ֆրանսայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը։ Էմմանիւել Մաքրոն եւ Մարին Լը Փեն, որոնք երկու շաբաթ առաջ առաջին երկու տեղը նուաճելով դարձած էին անխուսափելի թեկնածուները, երէկ վերջին անգամ ներկայացան ֆրանսացի ընտրողներուն։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, թէ նախարարները կարծիքներ փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով գոյացած համաձայնութիւններու կատարման շուրջ։
Մեծն Աթաթիւրքի անգին աւանդի արժեւորման վառ փուլերէն մին, որ կը համախմբէ ամբողջ երկիրը:
Հայաշխարհը 24 ապրիլի ոգեկոչումներուն կոչուած՝ արդի մարտահրաւէրներուն դիմակայելու հրամայականին:
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, որ մօտաւոր անցեալին Պրիւքսելի մէջ մէկտեղած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
«70 տարեկանէդ վերջ ամէն մարդ քեզ կը սիրէ, որովհետեւ այլեւս չես կրնար մրցակից ըլլալ ոեւէ մէկուն», ըսած էր առիթով մը Չեթին Ալթան։ Լաւ բանաձեւում է, իսկապէս...
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան պատրաստակամութիւն չեն յայտնած՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան աշխատանքը վերսկսելու համար։