Լրահոս

ՄՇՈՒՇԱՊԱՏ ՄԻՋԱՎԱՅՐ, ԱՆՀԵՌԱՆԿԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի մէջ մշուշապատ միջավայրը կը մնայ առկայ։ Անհեռանկար սպասումը կը շարունակուի երկրի քաղաքական կեանքէն ներս։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած ձախողումը բոլոր առումներով կաթուածահար դարձուցած է երկիրը։

ՆՈՐ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆ

Մոսկուայի մէջ դիւանագէտներ կ՚անդրադառնան հաստատուած հրադադարի մանրամասնութիւններուն:
Ռուսաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա հետամուտ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

ՓՈՒԹԻՆ. «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ Կ՚ՈՐՈՇՈՒԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ»

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի դադրեցման վերաբերեալ յայտարարութիւնը պայմաններ կը ստեղծէ հիմնախնդրի արդար հիմքով երկարատեւ կարգաւորման համար։ «Կարեւոր է, որ պայմանաւորուածութիւնները պահպանուին։ Մարտական գործողութիւնները ամբողջովին դադրած են, իրավիճակը կայունացած է։

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ազգային մեծ ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ Հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ պատրաստուած հրամանագրին, որով Պաքուի ղեկավարութեան պահանջին ընդառաջ, Թուրք զինեալ ուժերէն զինուորներ պիտի գործուղղուին Ատրպէյճան։

ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան երէկ դիմաւորեց առաջնագիծէն վերադարձած փրկարարներու գումարտակը ու տեղեկացուց, որ իր ձեռքերը արդէն ազատ են։

ԵՒՍ ՔՍԱՆԵՐԿՈՒ ՕԴԱՆԱՒ

Ռուսաստանի խաղաղապահները կը շարունակեն ամբողջ թափով տեղակայուիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս։ Երէկ, եւս 22 բեռնատար օդանաւ վայրէջք կատարեց Երեւան՝ փոխադրելով խաղաղապահ զօրքերու նոր խումբ մը եւ անհրաժեշտ սարքաւորումներ եւ ինքնաշարժներ։

ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտարարեց, որ խօսք չի կրնար ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի որեւէ կարգավիճակի մասին։ «Բազմիցս ըսած եմ, որ թոյլ չենք տար, թէ Ատրպէյճանի տարածքներէն ներս երկրորդ հայկական պետութիւն մը ստեղծուի։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐ ԳՈՐԾՈՒՂՂԵԼՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՈՐՈՇՄՆԱԳԻՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ

Ազգային մեծ ժողովը այսօր կը քննարկէ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ուղարկուած որոշմնագիրը, որով կը նախատեսուի զինուորներ գործուղղել Ատրպէյճան։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, խորհրդարանի նախագահութեան ուղարկուած հրամանագրով նախատեսուած է առաջին փուլին հաղորդակցութեան նպատակով սպաներ ուղարկել Ատրպէյճան։

ԸՍՏ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՑՆՑՈՒՄՆԵՐԷ ԶԵՐԾ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ԵՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ համայն հայութեան ուղղեալ պատգամով մը։ Հայոց պետականութեան տեսակէտէ ստեղծուած առկայ ծանր իրավիճակին մէջ իր կողմէ կատարուած հաստատումները եւ օրակարգի վրայ բերուած լուծման առաջարկները ունին պատմական բնոյթ։

ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղղուած իր կարճ, ձեռագիր նամակը, որով ան լքեց իր պաշտօնը։

Էջեր