Լրահոս

ԱՇԽԱՐՀԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՆ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն վերջ ստեղծուած պղտորութիւնը շաբաթավերջին զգալիօրէն յաղթահարուեցաւ։ Քուէհամարը յառաջանալով այնպիսի պատկեր մը պարզեց, որ Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին ծերակուտական ու փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն ընտրուած է ԱՄՆ-ի նախագահ։

ՓԵԼԷ՝ 80 ՏԱՐԵԿԱՆ

Փելէ նշեց իր 80-րդ տարեդարձը:
Աշխարհի մէջ արժէքներու արագ անկումին ընթացքին նորոյթ եղած է եւ ոմանց համար կարծես քաջագործութիւն, բանիմացութիւն է նսեմացնել նախկին աստղերու՝ արուեստագէտներու, մարզիկներու, գիտնականներու, ղեկավարներու նուաճումները:

ՍԱՀՄՌԿԵՑՈՒՑԻՉ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի հերթական ողբերգական դրսեւորումը. Ստեփանակերտի ռմբակոծման հետեւանքով փուլ եկած բնակարաններէն մէկուն մէջ մահացան մեծ մայր մը եւ երկու թոռները: Երէկուայ օրն ալ եղաւ ծանր՝ մինչ սաստիկ բախումներ տեղի ունեցան Շուշիի մերձակայքին:
Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ահազանգ հնչեցուց, որ խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորումը կը շարունակուի՝ հակառակ Ժընեւի պայմանաւորուածութիւններուն:

ՕՔԹԱՅ. «ԹՈՒՐՔԻԱ Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԷ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ»

Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ յայտարարեց, որ Թուրքիա ամբողջ սրտով կ՚աջակցի Ատրպէյճանին, որ պայքար կը մղէ բռնագրաւիչ Հայաստանէն ետ վերցնելու համար իր տարածքները։ «Պիտի շարունակենք մեր ամբողջ պաշտպանական կարելիութիւնները բաժնել Ատրպէյճանի հետ՝ երբ որ ան կարիքը զգայ», ըսաւ Ֆուաթ Օքթայ։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Մոսկուայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերաբերեալ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել։ Երէկ, նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ, Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին քննարկման նիւթ դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆՏԱՌՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԿԻԶՈՒԻՆ ԱՆԽՆԱՅԱԲԱՐ

Արցախի եւ Հայաստանի տարածքէն ներս պատերազմի այս շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ հրկիզուած է աւելի քան 2 հազար հեքթար անտառածածկ տարածք։ Բնապահպանական եւ կենսաբազմազանութեան ոչնչացման լուրջ սպառնալիք մըն է այս մէկը։

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

Ռուսաստան եւ Իրան հետզհետէ ընդգծեալ ձեւով անհանգստութիւն կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ահաբեկիչներու գոյութեան բերումով:
Իլհամ Ալիեւ հերքեց Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնները: Մոսկուա տարօրինակ նկատեց Ատրպէյճանի ղեկավարի յուզական արձագանգը: Մաքրոն եւ Թրիւտօ անդրադարձան իրավիճակին:

ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԻՋԵՒ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ խորհրդարանէ ներս զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ ԵՒ ՇՈՒՇԻՆ ԱՄԲՈՂՋ ԳԻՇԵՐ ԽՏԱՑԵԱԼ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ ՄՆԱՑԻՆ. ԿԱՆ ԶՈՀԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ դաշտի վրայ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ ու մարդասիրական տեսանկիւնէ չափազանց ծանր։ Հայկական աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ ամբողջ գիշերուան ընթացքին սաստիկ ռմբակոծման ենթարկուած են Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտն ու Շուշին։

ԿԵԱՆՔԸ ՔԱՐՈՒՔԱՆԴ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս մարդկային ողբերգութիւնը ամէն օր կ՚ունենայ անհաւատալիօրէն ծանր ցնցիչ դրսեւորումներ:
Արցախի ռազմաճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ բժիշկ մը՝ Սաշա Ռուստամեան, որ առաջնագիծ կը փութար վիրաւորեալ զինուորի մը օգնութեան հասնելու:

Էջեր