ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները քննարկեցին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։
Նոթրը-Տամ-Տը-Սիոն ֆրանսական լիսէի նախաձեռնութեամբ այս տարի 5-րդ անգամ նախատեսուած է «Istanbul Orchestra'Sion» անուանեալ միջազգային դաշնակի մրցոյթը, որ այլեւս դարձած է աւանդական։ Այս վարժարանը կը կազմակերպէ բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, որոնց շնորհիւ կը հանդիսանայ քաղաքիս ընկերամշակութային բանուկ կէտերէն մին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքուն, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Զրուցակիցները նշեցին, որ այս տարի պիտի նշուի ՍԾՏՀԿ-ի հիմնադրութեան 30-ամեակը եւ կարեւորեցին անոր ապագայ զարգացումը։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Վարքագծի կանոնագիրքը բարեվարքութեան համակարգի կայացման ճանապարհին» խորագրեալ աշխատաժողով մը, որ կազմակերպուած էր Եւրոմիութեան եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի հովանաւորութեամբ։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»ի հայերէն տպագրութեան համար շնորհանդէս մը։ Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Ծայրագոյն Վարդապետ Մանուէլեան հովանաւորեց այս գինեձօնը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ համալիրի սրահին մէջ։
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ վերջերս ամբողջութեամբ վերանորոգուած է Երեւանի Պարարուեստի պետական քոլէճի փորձասենեակը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարար Արա Խզմալեան վերջերս այցելեց այս քոլէճը՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար կատարուած աշխատանքներու արդիւնքին։
Ժողովրդավարութիւնը մարդկային մտքի հորիզոններուն նուաճած կէտի վրայ լաւագոյն վարչակարգը կը համարուի։ Այո՛, լաւագոյն, որովհետեւ սկզբունքօրէն բաց է կատարելագործման եւ տեսականօրէն չի մերժեր իր հակադիր աշխարհահայեացքները, նոյնիսկ իր իսկ մերժումը։ Բայց, քանի մարդ կատարեալ չէ ինքն իսկ՝ ապա անոր գտած վարչակարգն ալ, հասկնալիօրէն, կատարեալ չէ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջին օրերուն 20 տարին բոլորեց իր պաշտօնին գլուխը։ ՀԲԸՄ-ի շրջանակներէն ներս երկար աշխատանք տարած Պերճ Սեդրակեան 20 տարի առաջ, 22 փետրուարին կազմակերպութեան գլուխը անցած էր՝ յաջորդելով Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնին։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս երէկ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի երկրորդ հանդիպումը։ Թէ՛ Անգարայէն եւ թէ Երեւանէն երէկ պաշտօնական հրապարակումներ կատարուեցան այս կապակցութեամբ։
Թուրքիա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Ուքրայնայի տագնապին։ Առկայ պատերազմական իրավիճակին մէջ Անգարայի ղեկավարութիւնը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ նպաստելու համար հաւանական լիցքաթափման, ռազմական գործողութիւններու կասեցման եւ դիւանագիտութեան վերսկսման։