ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, երկարատեւ բարեկարգման աշխատանքներէ վերջ այս եկեղեցին շաբաթավերջին օծուելով պաշտամունքի վերաբացուած էր։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը մասնակցեցաւ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին:
Ուքրայնայի տագնապը հետզհետէ կը սաստկանայ ու դաշտի վրայէն հասած լուրերը հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնան։ Միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ շաբաթավերջին հազարաւորներ տարհանուած են Տոնպասի շրջանէն, ուր պատահած են պայթումներ՝ Ուքրայնայի զինուորներու եւ Ռուսաստանի հովանաւորած անջատողականներու շփման գծին վրայ։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաու վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներուն հետ։ Վարշաւիոյ մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը շնորհաւորութիւններ յղեց Թուրքիոյ՝ դաշինքի անդամակցութեան 70-ամեակի յոբելեանին առթիւ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք նախագիծերուն:
Կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի Muaythai հաւաքականը այս օրերուն մրցաշարքի մը մասնակցելու նպատակով կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Ներկայ շաբթուայ սկիզբէն ի վեր մարզիկները քաղաքիս մէջ են՝ գլխաւորութեամբ մարզիչ Ալեք Աղապալեանի եւ մարզիչ Մհեր Թորոսեանի։
Երկրորդ նախագահի դիտարկմամբ՝ իշխանութիւններու դէմ ծայրայեղ տրամադրուածներուն թիւը կ՚աճի:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն տեղեկացուց, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին առաջարկ մը ներկայացուցած է, որպէսզի յաջորդ շաբաթ հանդիպում մը ունենան Եւրոպայի մէջ։
Հայաստանի Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը կը ստեղծէ մասնագիտական յանձնաժողով: