Լրահոս

ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉԻ ԵՒ ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ 24 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի՝ մինչ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնները երէկ պաշտօնապէս հրապարակեցին յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի երկրորդ հանդիպման վերջնական մանրամասնութիւնները։

ՊԱՂԱՐԻՒՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց Քիեւ, ուր հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի կողմէ։ Էրտողանի այցը զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ուքրայնայի տագնապին ընթացքը կը բնորոշէ միջազգային օրակարգը եւ համաշխարհային յառաջատար դերակատարները սաստիկ ճնշում կը բանեցնեն Ռուսաստանի վրայ։

ԱՄՆ-Ի ՅԱՏՈՒԿ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ տեղեկացուց, որ իր երկիրը Սուրիոյ հիւսիսի Իտլիպ քաղաքին մէջ կազմակերպած է յատուկ գործողութիւն մը, որու ընթացքին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման պարագլուխ Էպու Իպրահիմ էլ Հաշիմի էլ Քուրէյշի սպաննուած է։

«ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ-2022»Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵՑԱՆ ԼԻԶՊՈՆԷՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը երէկ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ներկայացուց այս տարուայ «Զարմանազան» ծրագրին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։ Այսպէս, 2022 տարեշրջանի «Զարմանազան»ին համար արձանագրութիւնները արդէն սկսած են։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ «FLY ONE ARMENIA» ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐԱՄ ԱՆԱՆԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Fly One Armenia» օդային ընկերութեան կառավարման խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեանն ու իր ընկերակիցները։ Հարկ է նշել, որ ան Երեւան-Իսթանպուլ երէկուան առաջին թռիչքով ժամանած է քաղաքս, ուր կ՚ունենայ կարճ կեցութիւն մը՝ մինչեւ վաղը երեկոյեան, մինչեւ յաջորդ թռիչքը։

ՆՈՐ ԿԼԻՄԱՅԻ ՄԷՋ

Միրզոյեան. «Հայաստան կրնայ մասնակցիլ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին, խնդիր չեմ տեսներ»:
Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները երէկ վերսկսան՝ բնականոնացման գործընթացի համայնապատկերին վրայ:

ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ընդունեց Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Օրուայ տեւողութեան Միրզոյեան եւ Շալենպերկ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

Էջեր