ԿՐԱԿԱՀԵՐԹ
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերը հերթական անգամ թիրախաւորեցին Արցախը։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, հրադադարի պայմաններուն ներքեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակահերթեր իրականացուցին Կարմիր Շուկայի եւ Թաղավարդի բնակելի տուներուն վրայ։
Երեւանի մէջ Նկարիչներու տան երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ Վարկանիշային ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը կ՚ընդգրկէ՝ զանազան ոճերով ստեղծագործուած գեղարուեստական շուրջ 300 աշխատանք։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա՝ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի մասնակցութեան համար հրաւէր ուղարկած է իրեն եւ Ռուբէն Ռուբինեանին, որ Երեւանի յատուկ ներկայացուցիչն է Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ։ Իր խօսքով՝ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու շուրջ հայկական կողմի որոշումը մեծապէս կախում կ՚ունենայ՝ յատուկ ներկայացուցիչներու յառաջիկայ հանդիպումներու արդիւնքներէն։
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի յայտարարութիւնները՝ «Արմէնփրէս» գործակալութեան:
«Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելը եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը մեր նպատակներու շարքին են»:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի վերջին հեռախօսազրոյցին արձագանգները կը շարունակուին։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդած էին, որ անոնք անդրադարձած են Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ արձագանգեց՝ նախօրէին Ատրպէյճանի կողմէ եւս 8 ռազմագերիի Հայաստան վերադարձուելուն։ Այսպէս, Մոսկուա կարեւոր կը համարէ հնարաւորինս շուտ աւարտել պահուած անձերու փոխանակումը՝ բոլորը բոլորին դիմաց սկզբունքով։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցը լուծել՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Իր խօսքով՝ Պաքու պատրաստ է անվերապահօրէն Երեւանի հետ ձեռնարկել համապատասխան գործընթացին։
Լիպիոյ վարչապետ Ապտիւլհամիտ էլ Տիպէյպէի դէմ այս առաւօտ մահափորձ մը կատարուած է։ Մայրաքաղաք Թրապլուսի մէջ զինեալ յարձակման ենթարկուեցաւ վարչապետին ինքնաշարժը։
Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան աւագներու խորհուրդի 12-րդ ժողովը՝ Իսթանպուլի մէջ: