ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂ ԸՆԹԱՑՔԸ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի աղբիւրները ուրախութեամբ տեղեկացուցին այս կրթօճախի շրջանաւարտներէն Աննա եւ Լինա Մովսիսեան քոյրերու կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնները Հայաստանի մէջ։ Վարժարանը աւարտելէ վերջ անոնք մեկնած են Հայաստան, ուր նոյնպէս յաջողութեամբ կը շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը։
Պատուհանը, ըստ էութեան, շրջանակ մըն է, ուրկէ կը ցոլանայ կեանքին կամ զանազան կեանքերու պատկերը։ Հայաստանեան բաւական ընդհանրացած հոմանիշով քարերը շատ աւելի լաւ կ՚իյնան իրենց տեղը՝ լուսամուտ... Մութին մէջ պատկեր կը պարզուի՞ միթէ։ Լոյսին մէջ է, որ պատկերը կը յստականայ։ Լուսամուտէն թափանցած լոյսն ալ կեանքի բազում դրուագներ կը պարզէ աչքի առջեւ։
Այսօր հեռախօսազրոյցներ տեղի կ՚ունենան ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն միջեւ:
Փարիզի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան աւանդական ընթրիքը։ Անցեալ տարի համավարակի հետեւանքով ակամայ ջնջուած այս հաւաքոյթով շարունակութիւն գտաւ սոյն տարեկան ընթրիքի կազմակերպման աւանդութիւնը։
Ֆրանսայի միջազգային ձայնասփիւռը անդրադարձաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մղած գոյութենական պայքարին:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Ատրպէյճանն ալ Հայաստանի հետ մշտական խաղաղութեան կը ձգտի ու կը նախընտրէ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ ուղղակի շփման մէջ ըլլալը։
Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի ներկայացուցիչները 10 ժամ բանակցութիւն վարեցին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ քննարկեցին միջազգային օրակարգի զանազան առաջնահերթ հարցերը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ վարակուած էր քորոնաժահրով, արդէն բուժուած է։ Ընկերային ցանցերուն վրայ ան տեղեկացուց, որ վերջին երկու օրերու նմուշառման արդիւնքները ցոյց տուած են, որ ինք դարմանուած է։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական ժառանգութեան պահպանման տագնապին շուրջ։