ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ԸՆԹԱՑՔ
Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստան երբեք կասկածի տակ չէ դրած Թուրքիոյ հետ սահմանը եւ երբեք հայ դատը չէ որդեգրած՝ որպէս քաղաքականութիւն։ Տրամաբանական կ՚ըլլայ եթէ հասնինք դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, բայց կարելի չէ կանխատեսել, թէ երբ»:
Երեւան ամենայն հաւանականութեամբ ընդառաջէ Անգարայի հրաւէրին՝ մասնակցելով Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին:
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թեհրան, ուր կը հիւրընկալուի Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Ռըզա Աշտիանիի կողմէ։ Թեհրանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ալի Ալիզատէ այս այցելութեան շուրջ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։
Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան կը պատրաստուի համաշխարհային շրջագայութեան։ Այս ամբողջին մէջ ան հերթական անգամ աշխարհով մէկ սփռուած իր համակիրներուն առջեւ հանդէս պիտի գայ կատարումներով, որոնք առիթ պիտի հանդիսանան, որպէսզի բոլորը ականատես ըլլան իր անկրկնելի վարպետութեան։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Համաճարակի զոհ հոգելոյս լուսանկարիչ Նիքոլաս Մանկինասի ձօնուած ձեռնարկը պսակուած յաջողութեամբ:
Մարդ արարածի եւ մայր բնութեան յարաբերութիւնը շատ խորքային է։ Մէկ կողմէ մարդը բնութեան անբաժանելի մասն է, անոր հրաշագործ կարողութիւններու գերագոյն դրսեւորումը, իսկ միւս կողմէ երկրագունդի վրայ այդ նոյն բնութեան դէմ հիմնական պայքարողն է, մաքառողը։ Ուրիշ որեւէ կենդանի կամ արարած բնութեան դէմ չի պայքարիր այնքան՝ որքան մարդը։ Մնացեալները հանգիստ են՝ որքան ատեն, որ կը յագեցնեն իրենց բնական կարիքները։ Հապա մարդը՞...
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ անակնկալ որոշումով մը հրաժարեցաւ պաշտօնէն առկայ ճակատագրական մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ. իր լիազօրութիւնները, ըստ Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն, ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ իր հրաժարականը տեղեկացուց հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տեղեկացուց, որ Թուրքիա կը ծրագրէ հանդիպում մը կազմակերպել՝ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի շրջանակին մէջ։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը եւս ուշադրութեան առարկայ: