Լրահոս

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երդիքին տակ սկսաւ եռօրեայ միջազգային գիտաժողով մը, որ ձօնուած է 1921 թուականին ստորագրուած Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերու 100-ամեակներուն։

«YOUTUBE»Ի ՎՐԱՅ ԿԱՐՊԻՍ ՃԱՆՃԻԿԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՈՒՀԱՆ ՄԸ

Կը տեղեկանանք, որ «Նռան յոյսը» գեղարուեստական նախագիծի հեղինակ Սեւան Աթաօղլուի ջանքերով ընկերային ցանցերու վրայ հաստատուած է նոր պատուհան մը, ուրկէ լոյս կը սփռուի անմոռանալի բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեանի թողած աւանդին, մեծ ժառանգութեան վրայ։

ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԵԼԻ ԱՐՁԱՆԸ

Գերմանացի քանդակագործ Վիլհելմ Քոխ արդէն իսկ աւարտած է վարչապետ Անկելա Մերքելի արձանը, որ որոշ ժամանակով պիտի ցուցադրուի Պաւարիոյ Թեմփըլ թանգարանին դիմաց:
2.7 մեթր բարձրութեամբ արձանը կը ներկայացնէ Մերքելը՝ նստած ձիու վրայ: 

ՀԱՐՈՒԱԾ՝ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան առաջին փուլի արդիւնքը ծանր կացութիւն մը ստեղծած է իշխանութիւններուն տեսակէտէ, որ հետզհետէ կը մաշի ու կը զրկուի ժողովրդական ամուր յենարաններէ:
«Քաղաքացիական պայմանագիր» մարդ-կուսակցութեան վարկի մարման փուլը սկիզբ առած է՝ շարք մը գործօններու բերումով, որոնք ծնունդ տուին այսօրուայ պատկերին:

ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՆՈՒԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Պաքըրգիւղի «Տատեան» փողոցի անունը վերստին փոփոխութեան ենթարկուած է։ Խօսքը կը վերաբերի երբեմնի «Մապետ» փողոցին, որ վերջին շուրջ տասն տարուայ ժամանակաշրջանին ատեն-ատեն հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դարձած է վերանուանութեան հարցին բերումով։

ԼՈՅՏ ՕՍԹԻՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին Թիֆլիզ կատարած այցելութեան ընթացքին մեկնաբանեց Անդրկովկասի համար նախատեսուած՝ «3+3» ձեւաչափով հարթակի մը ստեղծման առաջարկը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա բուռն ձեւով կը պաշտպանէ այս հարթակի ստեղծուիլը։

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան եւ ամերիկահայ շրջանակներ ջերմօրէն շրջապատեցին մաէսթրօ Կոնստանդին Օրբելեանը, որ սկսած է պաշտօնավարել՝ որպէս Նիւ Եորքի քաղաքային օփերայի խմբավար:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Շողակ Յովհաննէսեանի եւ Շահան Արծրունիի համատեղ նախաձեռնութիւնը:

ՊԱՔՈՒ ԴՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՍՊԱՍՄԱՆ ՄԷՋ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հերթական անգամ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին՝ Քաթարի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ էլ Թանիի հետ հանդիպման ընթացքին։

ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ հանգուցեալ երեսփոխանի հոգեհանգստին:
Ողբացեալ քաղաքական գործիչ եւ հրապարակագիր Մարգար Էսաեանի քաղցր յիշատակը Շիշլիի գերեզմանատան մէջ ոգեկոչուեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան ներկայացուցիչներու աղօթակցութեամբ:

Էջեր