ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ
Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ Հնդկաստանի ազգային տօնը։ Երկրի անկախութեան 75-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեան, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ հնդիկ դեսպանին կողմէ։
Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու երկրէն դուրս գալէն վերջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ մը, որով պայմանաւորուած գաղթականաց նոր հոսքի մը հեռանկարն ալ կը մտահոգէ միջազգային հանրութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Բանակցութիւններու առընթեր, Արմէն Գրիգորեան եւ Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ տուտուկահարին ի յիշատակ ձեռնարկ մը Գնալը կղզիի մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Երեւան պատրաստ բանակցութիւններու ներգրաւուելու Պաքուի հետ ու կը սպասէ յստակ առաջարկներու:
Գերմանական օդային ընկերութիւնը որոշած է երկար ընդհատումէ վերջ Հայաստանի շուկայ վերադառնալ:
Թուրքիա վերջին շրջանին մեծ ոստում մը կատարած է պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս ու կը պատրաստուի իր արտադրանքը միջազգային բեմահարթակի վրայ ներկայացնել 15-րդ Միջազգային պաշտպանական արդիւնաբերութեան տօնավաճառին (IDEF 2021) ժամանակ, 17-20 օգոստոս թուականներուն։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ չպատուաստուած քաղաքացիներու թիւը իջած է 19 միլիոնի։