Լրահոս

ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՐ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Կիրակի օրը Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսը յայտ ներկայացուց մասնակցելու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Նախ արձանագրեմ, որ 76-ամեայ գործիչը, եթէ ոչ ֆիզիքական, ապա քաղաքական առումով հաստատ «լաւ մարզավիճակի» մէջ է։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄԻԱԲԱՆ ՄԸ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն մին ենթարկուած է ծայրայեղական երիտասարդներու յարձակման։ Երբ ամբողջ աշխարհ Երուսաղէմի արիւնալի իրադարձութիւններուն կը հետեւի, այս լուրն ալ, անշուշտ, կարելի չէ անուշադրութեան մատնել։

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին վաղը կը հիւրընկալէ իր պաշտօնակիցը։

ԼԱՐՈՒԱԾ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի տարածք ներխուժած Ատրպէյճանի զօրքերուն մէկ մասը վերադարձած է ելման դիրքերը, իսկ խումբ մը զինուորականներ կը շարունակեն մնալ այնտեղ: Հայկական բանակի ստորաբաժանումներըկը կանխեն թիկունքային ապահովման փորձերը: Սահմանի իրադրութեան գծով փոփոխութիւն չկայ:
Վաղը պիտի շարունակուին Երեւան-Պաքու բանակցութիւնները: Մոսկուա եւ ՀԱՊԿ չկամութիւն կը դրսեւորեն իրենց դաշնակցային պարտաւորութիւններուն տեսակէտէ: Ուաշինկթըն եւ Փարիզ աւելի վճռական հանդէս կու գան: 

ԿԱԶԶԷԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄ. ԿԱՄ ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԸ «ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԳՈՐԾՕՆՆ Է»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Գրեթէ շաբաթ մըն է, որ Կազզէի շուրջ ռազմական գործողութիւնները դադար չունին։ Երուսաղէմի արեւելեան թաղամասին՝ մասնաւորապէս պաղեստինցիներով բնակեցուած «Շէյխ Ժարրահ»ի մէջ ընթացք առած խռովութիւնները կը վերածուէին ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու, երբ Կազզէի մէջ տեղակայուած «Համաս» շարժումի ռազմական հրամանատարութիւնը որոշում կը կայացնէր այսպէս ըսած՝ «օգնութեան հասնիլ» Երուսաղէմի պաղեստինցիներուն։

ՄԱՀ՝ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ՈՍԿԻԱՆ ՇԷՇԷԹԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ արժէքաւոր եւ համակրելի կրթական մշակ Ոսկիան Շէշէթեան։ Բոլոր անոնք, որոնք մեր համայնքի մօտաւոր անցեալի տարեգրութեանց վերաբերեալ ունին տարրական տեղեկութիւն մը՝ կրնան վկայել, թէ նորոգ հանգուցեալ Ոսկիան Շէշէթեան կը մարմնաւորէր տիպար ու նուիրեալ կրթական մշակի կերպարը։

ՔԱՐԻ ՁԱՅՆՆ ՈՒ ԲՈՅՐԸ

Երեւանի մէջ այս օրերուն բացուած է շահեկան ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է երախտաշատ ճարտարապետ Յովհաննէս Մարգարեանի ծննդեան 120-ամեակի յոբելեանին։ «Քարի ձայնն ու բոյրը. Յովհաննէս Մարգարեան» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Ալեքսանդր Թամանեան» ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-կաճառէն ներս։

ԿՐԱԿԻ ՀԵՏ ԽԱՂ

Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը ներթափանցեցին Հայաստանի տարածքը:
Անհանդուրժելի ոտնձգութիւն:
Երեւան սահմաններու պաշտպանութեան համար դիմեց ՀԱՊԿ-ի եւ Մոսկուայի օգնութեան: Դիւանագիտական բուռն ջանքեր:

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ԹԱՂԻ ՎԻՃԱԿԸ ԲՆԱԿԱՆՈՆ

Երուսաղէմի մէջ օրերէ ի վեր տեղի կ՚ունենան բախումներ։ Արիւնալի դէպքերու դրուագներ կը հասնին Սուրբ Քաղաքէն ու մերձակայքէն, ինչ որ ահազանգային կացութեան մը ծնունդ տուած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։

Էջեր