ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ՊԱՀԱՆՋ
Գրիգորեան. «Սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու սկիզբէն առաջ Ատրպէյճանի զօրքերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն»:
Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ: Յարութիւնեան Շոյկուի նկատառման յանձնեց, որ Պաքուի ուժերը պարտաւոր են վերադառնալ իրենց ելման դիրքերը: Երեւան միշտ կը կրկնէ, որ միջանցքային տրամաբանութեամբ հարցեր չի քննարկեր:
Ընդդիմութեան աղբիւրները ընկերային ցանցերու վրայ անազանգ կը հնչեցնեն, որ հակահայ նոր փաստաթուղթ մը ստորագրման պատրաստուելու վրայ է. վարչապետը այս առաւօտ հաստատեց: