ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Արեւելագէտ, դեսպան Դաւիթ Յովհաննիսեան. «Հայաստան պէտք է Ռուսաստանէն ետ վերցնէ անվտանգութեան հարցերու գծով որոշում առնելու իրաւունքը»:
«44-օրեայ պատերազմին Անգարա ստիպեց, որ Մոսկուա նահանջէ եւ տարածքաշրջանէ ներս իր ազդեցութիւնը լրջօրէն կորսնցնէ։ Պէտք չէ հաւատալ այն քարոզչութեան, թէ միակ շահողը ռուսերը եղած են»:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարները իրադրութիւնը քննարկեցին Մոսկուայի մէջ:
Հայ իրականութեան առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման հետամուտ՝ ՀԲԸՄ հանդէս կու գայ նոր մօտեցումներու յղացման ուղղեալ հետեւողական ջանքերով:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) երէկ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը, որով անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններու խախտման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։
Սա հրավառութեան դրուագ մը չէ, դժբախտաբար։ Մայիսի 28-ն է այսօր, տօն է Հայաստանի մէջ, Հանրապետութեան տօն… Ափսոս, որ տօնական տրամադրութիւններ չկան երկրին մէջ, ուր կը գերիշխեն նահատակ երիտասարդներու խոր սուգը, պատերազմի ծանր հետեւանքները եւ պետութեան գոյատեւման ուղղեալ սպառնալիքները։ Մայր Հայաստանի երկնակամարին ամիսներէ ի վեր կուտակուած են սեւ ամպեր՝ խիտ, թանձր…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Արա Այվազեանի հրաժարականի պատճառներուն կապակցութեամբ տակաւին մեկնաբանութիւններ պիտի չտրուին։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Հերի Փոթըր»ի մասին շարժանկարի ստեղծողները երկու անակնկալ պատրաստած են երկրպագուներու համար։ Այսպէս, այս տարի «Հերի Փոթըր» շարժանկարներու շարքի ստեղծման 20-ամեակն է, որու կապակցութեամբ շարժանկարի գործիչները քանի մը անակնկալներ պատրաստած են Հերի Փոթըրի երկրպագուներու համար, կը յայտնէ «Daily Mail»ը: