ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ ԶԵՏԵՂՈՒԵՑԱՒ
Շաբաթավերջին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը, որով պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի՝ յետմահու զետեղուած կիսանդրիին։ 22 մայիսը Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձի օրն է։
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ խախտումով ծնունդ առած տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս կապակցութեամբ կը շարունակեն պարբերական յայտարարութիւններով հանդէս գալ եւ վերջին մանրամասնութիւնները տեղեկացնել իրադրութեան կապակցութեամբ։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը։ Սա այս կուսակցութեան երրորդ համագումարն էր, որ տեղի ունեցաւ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ։
Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզի մէջ շաբաթավերջին զանգուածային ծեծկռտուք մը տեղի ունեցաւ ատրպէյճանցիներու եւ քիւրտերու միջեւ։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս մասին մանրամասնութիւններ տեղեկացուց՝ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն հիման վրայ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ աշխարհի վրայ աւելցած է միլիառատէրերու թիւը։ «COVID-19»ի դէմ պատուաստանիւթերու արտադրութեան բերումով ինն նոր միլիառատէր գոյացած է աշխարհի վրայ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ Նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցած զրոյցը զուգադիպեցաւ՝ Հայաստանի սահմաններու Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ խախտումով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ Հայ ազգային քոնկրէսի անունով հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածելով։
Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի սահմաններէն ներխուժած Ատրպէյճանի զօրքերը արձանագրած են որոշ յառաջխաղացում։ 12 մայիսէն ի վեր ծագած տագնապը կու գայ վերահաստատել այն կանխատեսումները, ըստ որոնց յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Հայաստանի գոյութեան վտանգ կը սպառնայ։
Փրոֆ. Սօսի Անթիքաճեան ծաւալուն եւ մեծարժէք աշխատանքով մը թրքերէնի թարգմանած է Զահրատի աւելի քան հարիւր բանաստեղծութիւնները:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լրագրող Արա Մարտիրոսեան, որ միեւնոյն ժամանակ տնտեսական մեկնաբան մըն էր։ 51 տարեկան հասակին ան երէկ առաւօտ անժամանակ աչքերը փակեց կեանքին՝ զոհ երթալով քորոնաժահրի համաճարակին։