Լրահոս

«ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ԽԱԽՏՈՒՄԸ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԱՌԸՆՉՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ՀԵՏ»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա աշխոյժ միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Հարաւային Կովկասէ ներս իրադրութեան կայունացման եւ տարածքաշրջանը բարօրութեան գօտիի մը վերածելու ուղղութեամբ։

ԿԱՊԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՈՒՄԸ ԿԱՐԵՒՈՐ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ լարուածութիւնը վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին մտահոգութիւն յառաջացուցած է Թեհրանի մէջ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ կացութիւնը խաղաղ ձեւով կը հարթուի։

ՓԵՔԻՆ ԿԸ ՍԱՏԱՐԷ ԵՐԵՒԱՆԻՆ

Հայաստանի եւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ։ Բանակցութիւններու ընթացքին հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց, իսկ չինականը՝ նոյնպէս Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Լը Եուչըն։

ՆՈՒՐԲ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը այսօր կարեւոր այցելութիւն մը կու տայ դէպի Հայաստան:
Արա Այվազեան Ճեւատ Զարիֆի հետ բանակցութիւններուն ժամանակ ըսաւ. «Ատրպէյճան կը փորձէ ստեղծել աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններ, որոնք չեն համապատասխաներ կայունութեան հետամուտ երկիրներու շահերուն»:

Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԱՒ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Պէյրութի մէջ ի Տէր հանգած է Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. (Կապրոյեան) Կաթողիկոս-Պատրիարքը։ 87 տարեկան հասակին, երէկ օրուայ առաջին կէսին, երկար ամիսներու հիւանդութիւն մը դիմագրաւելէ վերջ իր հոգին աւանդած է Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որ պիտի յուղարկաւորուի այս շաբաթավերջին։

Ի ՎԵՐՋՈՅ ԺԱՄԱԴՐՈՒԵՑԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ միջոցէ մը ի վեր սպասուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ժընեւի մէջ, յունիսի 16-ին։ Այսպէսով Պայտըն Սպիտակ տան ղեկը ստանձնելէ վերջ առաջին անգամ պիտի մէկտեղուի Քրեմլինի երկարամեայ տանտիրոջ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ։

ԷՐՏՈՂԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կոչ ուղղեց համայն աշխարհին, որպէսզի իսլամատեացութեան դէմ շարժում մը սկսի։ Նախագահ Էրտողան մատնանշեց, որ իսլամատեացութիւնը թափով կը ծաւալի երկրագունդի վրայ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԶԱՆԱԶԱՆԵԼ ԿԵՂԾԸ

Չինաստանի մէջ բացուած է դպրոց մը, ուր կը սորվեցնեն աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տան մը ապրանքը ինչպէս զանազանել հմտօրէն կեղծուածէն։ Այսպէս, թանկարժէք ապրանքներու կեղծ տարբերակները լայն տարածում գտած են աշխարհի վրայ, ուստի, չինացի մեծահարուստներ սկսած են հազարաւոր տոլարներ վճարել մասնակցելու համար մասնագիտացուած դասընթացներու, որոնք կը սորվեցնեն, թէ ինչպէս կարելի է զանազանել աշխարհահռչակ վաճառանիշի մը իսկական ապրանքը կեղծէն:

ԼԱՒՐՈՎ ԽՐԻՄԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԱՆԳԱՐԱՅԻՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թուրքիա փոփոխութեան պէտք է ենթարկէ իր դիրքորոշումը Խրիմի հարցին շուրջ։ «Արկիւմենթի ի Ֆաքթի» թերթին տուած յայտարարութեան մէջ Սերկէյ Լաւրով Ուքրայնոյ տագնապին կապակցութեամբ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ։

Էջեր