ԲՆԱԶԴՆԵՐՈՎ ԵՒ ՅՈՅԶԵՐՈՎ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երէկ լսեցի երիտասարդ պատգամաւորներէն մէկուն հերթական խօսքերը անանուն կեներալի մը վրայ (չեմ գիտեր, ո՛վ նկատի ունէր՝ Սէյրան Օհանեանը, Մովսէս Յակոբեանը կամ գուցէ Օննիկ Գասպարեանը)։ Կասկած չկայ, թէ նման ելոյթները դիւր կու գան իշխանական պատգամաւորներու «շէֆին», որ, ի դէպ, նոյնպէս կ՚օգտագործէ «ընդդիմադիր կեներալ» անորոշ բառակապակցութիւնը։
Երեւանի Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին մէջ իրականացաւ վերականգնողական բուժում ստացող զինուորներու ձեռային աշխատանքներուն բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքը: Ներկայացուած աշխատանքները թիթեռներով ստեղծագործութիւններ են, որոնց վաճառքէն ստացուած ամբողջ հասոյթը զինուորները պիտի փոխանցեն Զինուորի տան:
Ոչ եւս է Վարդան Գրիգորեան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակից:
Երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Չինաստանի նախագահ Շի Ցինփին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել համատեղ տեսաժողովի մը մասնակցելով քննարկեցին կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ հրատապ հարցերը։ Միջազգային գետնի վրայ անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ այս առցանց գագաթաժողովը, որու վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Էլիզէի պալատի աղբիւրներուն կողմէ։
Դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Թիֆլիզի մէջ ընդունուեցաւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին կողմէ։
Գերմանիոյ յայտնի «Bild» թերթը օրերս անդրադարձաւ Պաքուի մէջ բացուած «Ռազմաւարի պուրակ»ին։ Ինչպէս ծանօթ է, Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ այդ ցուցահանդէսը բացուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ՝ ցասում յառաջացնելով հայկական հանրային կարծիքին մօտ։
Կը տեղեկանանք, որ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ «Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է յատկանշական գիրք մը։ Եղեռնի 106-րդ տարելիցի սեմին «Արաս» լոյս ընծայած է «Ermeni Soykırımı'nın Kısa Bir Tarihi» գործը, որու հեղինակն է Թանէր Աքչամ։
Հայաստանի նախագահի պաշտօնական այցը Վրաստան. «Կովկասի զարգացման համար անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը այլընտրանք չունին, որեւէ հակամարտութիւն կը վնասէ ամբողջ տարածքաշրջանին»:
Նիկոլ Փաշինեան. «Յարձակում Հայաստանի վրայ կը նշանակէ՝ յարձակում Ռուսաստանի վրայ»:
Չավուշօղլու բուռն ձեւով մերժեց Տենտիասի կողմէ անակնկալօրէն կատարուած մեղադրանքները: