ՓՈՒԹԻՆ. «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ»
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ մաս կը կազմէ Ատրպէյճանին։ Երէկուան տարեկան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Փութին յայտնեց, որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը Ատրպէյճանին մաս կը կազմէ։
Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը հետզհետէ աւելի համատարած բնոյթ կը ստանայ։ Պետական համակարգը, ընդհանրապէս երկրի կեանքը կաթուածահար եղած է եւ առկայ կացութեամբ հրաժարականի պահանջին դէմ Փաշինեանի կողմէ ցուցաբերուած անհեռանկար յամառութիւնը դեմոկլեան սուրի նման կը շարժի Հայաստանի գլխուն վրայ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան դիտարկման համար Աղտամի մէջ կ՚ընթանայ Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ ռազմական կեդրոնը։ Շինարարութեան գլուխը կը գտնուի Թուրք զինեալ ուժերէն զօրավար մը եւ գործընթացին կը հետեւի անձնակազմը։
Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնակցութեան ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիկով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արմէն Աբազեանի կողմէ դիմաւորուած է ան։
Հայաստանի ներքին քաղաքական քաոսը կը շարունակուի հետզհետէ աւելի խորանալով եւ առաւել մտահոգիչ հաւանականութիւններու դուռ բանալով։ Յետպատերազմեան ծանր ձախողումներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը ջանայ պահել իշխանութիւնը, մինչ ընդդիմադիր շարժումը օրէ օր կը ծաւալի անբաղդատելի ձեւով։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Քոչարեանի գրասենեակը յայտարարած է, որ այս ուղեւորութիւնը ունի մասնաւոր բնոյթ ու կը տեւէ երեք օր։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջին յարմար առիթով տեղի պիտի ունենայ արտահերթ ընտրութիւն, նախագահը պիտի փոխուի:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարով հանդերձ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ հայ զինուորներու գերեվարման հարցը ներկայիս դարձած է հրատապ օրակարգ։ Շաբաթավերջին հրադադարով հանդերձ դարձեալ տեղի ունեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով Հադրութի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը անցան Ատրպէյճանի հակակշռին տակ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընէ տարածքաշրջանէ ներս երկարատեւ ու ամուր խաղաղութեան հաստատման համար։ Ան երէկուան իր հերթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ անցեալ շաբաթավերջին Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի խախտման դէպքերուն։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կորսնցուց իր հայրը՝ Վովա Փաշինեանը։ Վարչապետի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան տեղեկացուց, որ հանգուցեալը 80 տարեկան էր ու երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր ծանր հիւանդութենէ։