«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ»Ը ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՀԻՒՍԻՍ-ՀԱՐԱՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿԻՆ
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտարարեց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի իրագործման եւ խաղաղութեան հաստատման պարագային՝ Շիրակի մարզէն ներս նախատեսուած «Չոր նաւահանգիստ» ծրագիրը կրնայ դառնալ տարածաշրջանային բեռնափոխադրութեան լրջագոյն հանգոյց մը։