ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՍ Ա. ՊԱՊԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին այս շաբաթավերջին հրաժեշտ պիտի տայ նորոգ վախճանեան Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ պիտի մասնակցի Քահանայապետի յուղարկաւորութեան, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, ապրիլի 26-ին։
Երեւանի ղեկավարութիւնը յաջորդ շաբթուան սկիզբին պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։ Ապրիլի 28-29-ին տեղի պիտի ունենան իր շփումները։
Կաթոլիկ եկեղեցին պաշտօնապէս սուգի մէջ. պատրաստութիւններ թէ՛ յուղարկաւորութեան եւ թէ 267-րդ հովուապետը ընտրելիք Քոնքլաւի գումարման համար:
Ռուսաստան անմիջական կարեւորութիւն կ՚ընծայէ տարածաշրջանի իրադրութեան վերափոխման հեռանկարներուն նկատմամբ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն շաբաթավերջին դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ թիրախաւորուած է Սիւնիքի մարզի Խոզնաւար բնակավայրը։
Քրիստոնեայ աշխարհը միասնաբար նշուած Ս. Յարութեան տօնէն օր մը վերջ, Մեռելոցի օրով, խոր սուգի մատնուեցաւ. ոչ եւս է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը։
Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն, որ ընդունուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ, որ տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
«Ներկայիս երկրէն ներս կ՚ընթանայ ընկերահոգեբանական մը, որ 2018 թուականին կատարուածին չափ կարեւոր է, եթէ ոչ աւելի»:
Երէկ, Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներուն՝ Վահան Կոստանեանի, Լաշա Տարսալիայի, Էլնուր Մամետովի եռակողմանի հանդիպումը, որ միտուած էր վստահութեան ձեւաւորման եւ երկխօսութեան աւելի բարձր մակարդակի վրայ շարունակութեան։