ԳՀԽ-Ն ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ
Մարտի 3-6 թուականներուն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ ատենապետութեամբ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով ժողովը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները այս առաւօտ հրաժեշտ առին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ Իտլիպի տագնապալի կացութեան շուրջ:
Դուին հնավայրին մէջ կը կառուցուի թանգարան մը։ Այսպէս, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն 2020 թուականին կը նախատեսէ Հայաստանի Արարատի մարզի Դուին հնավայրին մէջ կառուցել թանգարան մը։
Երեւանի մէջ ապրիլի 28-30 թուականներուն տեղի պիտի ունենայ «FINTECH360 YEREVAN» միջազգային համաժողովը: Անիկա պիտի իրագործուի Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան, Unibank-ի եւ Unistream դրամական փոխանցումներու համակարգին աջակցութեամբ:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կը շարունակուի ԳՀԽ-ի նստաշրջանը՝ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը մեկնի Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Սուրիոյ տագնապի ծիրէն ներս, երբ Իտլիպի վերաբերեալ իրադարձութիւնները ստացած են բաւական հրատապ բնոյթ մը՝ Էրտողանի եւ Փութինի այս հանդիպումը կը կրէ չափազանց կարեւոր նշանակութիւն։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան բախտաւորուեցաւ իր անդրանիկ զաւակով։ Այսպէս, Հենրիխ Մխիթարեան-Պեթի Վարդանեան ամոլը որդի մը ունեցան եւ նորածինը կոչեցին Համլէթ։
Հայաստանի Արարատի մարզին մէջ 2020-ին մեծ շուքով պիտի նշուի ծիրանի փառատօնը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեան:
Անգլիական «Տէյլի Մէյլ» հանրածանօթ օրաթերթին համաձայն, «Թոքիօ-2020»ի ամառնային ողիմպիականի խաղերը կրնան կատարուիլ առանց հանդիսատեսներու՝ Քորոնաժահրին պատճառով: