ՆՈՐ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾ ՈՍՏՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ քորոնաժահրի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Իսթանպուլէ ներս գործել պիտի սկսի համավարակի երկու մեծ հիւանդանոց։ Այս հսկայական համավարակի հիւանդանոցներէն մին պիտի խարսխուի Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանի տարածքէն, իսկ միւսը՝ Սանճաքթեփէի օդակայանի տարածքէն ներս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը քննարկեցին Հայաստանին մատակարարուած բնական կազի վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս քորոնաժահրի վարակի տարածման արագութիւնը նուազած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ նախարարին, վերջին երեք օրերուն համաճարակի տարածման աճը տոկոսային առումով եղած է նախ 4.6 առ հարիւր, յետոյ 6.8 առ հարիւր եւ ի վերջոյ 1.3 առ հարիւր։
Արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էօրնէքեան կը զօրակցի Հայաստանի կառավարութեան՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ Էտուարտօ Էօրնէքեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոսներէն է, որոշած է 250 հազար ամերիկեան տոլար նուիրել երկրի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած հանգանակութեան ի նպաստ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգին մէջ, Լոս Անճելըս քաղաքի հայաշատ շրջաններէն Կլենտէյլի քաղաքապետարանէն ներս պաշտօնապէս գործի ձեռնադրեցին երեք անդամներ։
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ պայքարը կը շարունակուի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան տեղեկացուց վիճակագրական վերջին տուեալները։
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով խօսք ուղղեց ամբողջ ժողովուրդին, Միացեալ Թագաւորութեան եւ անոր կողմէ հովանաւորուած պետական միաւորներու ամբողջ բնակչութեան։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ այս ելոյթը ունեցաւ Էլիզապէթ Բ. թագուհին։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Քայլ առ քայլ». Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը առցանց հարթակի վրայ կ՚իրականացնէ հետաքրքրական մրցոյթ մը։ Այսպէս, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը իր պահոցներուն մէջ ի պահ դրուած յայտնի եւ անյայտ լուսանկարներու հիման վրայ կ՚իրականացնէ խաղ-մրցոյթ մը։