ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 96-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 96 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ յառաջիկայ ուրբաթ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպել իրազեկման հաւաքոյթ մը։ Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան չէ գումարած իր այս շաբթուան հերթական նիստը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ժողովին։ Բացի նիստին մասնակցելէ, Փաշինեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Պուլկարիոյ Փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Եքաթերինա Զախարիեւան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Օրուան տեւողութեան Զախարիեւա ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 112-րդ տարեդարձին առթիւ ներքին գործոց նախարարն ու Իսթանպուլի կուսակալը երէկ երեկոյեան պատուեցին խմբագրատունս:
Հայ մամուլի 225-ամեայ յոբելեանին առիթով խումբ մը լրագրողներ եւ ուսանողներ ծաղիկներ զետեղեցին հայերէն առաջին պարբերականի՝ «Ազդարար»ի հիմնադիր Յարութիւն Շմաւոնեանի յուշարձանին առջեւ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը BBC-ի վարկանիշային «Hard Talk» հաղորդաշարի հիւրը եղաւ:
Իսթանպուլահայ տիկնանց կազմերու համակարգման խորհուրդը նախընթաց օր Պաքըրգիւղի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթով մը ձեռնարկեց 2019-2020 շրջանի աշխատանքներուն։