ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճորճ Քենթ տեսակցեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր։