ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԲԵՄԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը Չինաստանի մէջ հանդէս կու գայ հիւրախաղերով, որոնք տեղի կ՚ունենան 2019 թուականի դեկտեմբերի 27-էն մինչեւ ընթացիկ տարուան յունուարի 9-ը։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը ժամանած է Չինաստան, ուր հանդէս կու գայ հիւրախաղերով, գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Եդուարդ Թոփչեանի մականին ներքոյ։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ հարցազրոյց մը տուաւ NTV հեռուստակայանին։ Լրագրող Տենիզ Թիւյսիւզի հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայկական հարցին շուրջ առնուած որոշումը վիրաւորած է զինքը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը կարեւորէ աջակցութեան տարողութեան բազմապատկումը:
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Աքշամ» օրաթերթին, որու այսօրուան համարի ճակատին տեղ տրուած են իր խօսքերուն:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ժընեւի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի ազգային-հասարակական գործիչ Նազարէթ Սըրմաքէշ։ Սա 2020 թուականի տարեմուտի տխուր լուրն է, որովհետեւ Նազարէթ Սըրմաքէշ՝ մասնաւորապէս եւրոպահայութեան խորհրդանշական անուններէն մին էր եւ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս իր ունեցած ներդրումը, իր կողմէ ցուցաբերուած եռանդը բարձր գնահատանքի արժանացած էր բոլորին կողմէ։
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,
Համայն մարդկութիւնը մեծ հրճուանքով եւ խաղաղութեան համատարած մաղթանքով ողջունեց 2020-ը:
Եւ այսպէս, 2020 թուականի այգաբացը… Սա նոր լուսաբաց մըն է յոյսի շողերով եւ մանաւանդ՝ լաւատեսութեան ճառագայթումով։