ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Ապրիլի 24-ի առթիւ երէկ տեղի ունեցան վերյիշման արարողութիւններ: Ֆրանսայի մէջ «Ազգային օր» էր: Տանըլտ Թրամփի պատգամի շեշտադրումները անփոփոխ:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Բոլոր անոնք, որոնք Հայկական հարցի վրայով կ՚ուզեն մարդու իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան դաս տալ Թուրքիոյ, ունին արիւնալի անցեալ մը»:Ապրիլի 24-ի առթիւ Հայոց սուրբ նահատակները երէկ ոգեկոչուեցան աշխարհի չորս ծագերուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակեց պատգամ մը, որու բովանդակութեան մէջ 1915-ի դէպքերուն անդրադարձաւ որպէս Մեծ եղեռն։ Ամերիկայի զանազան կազմակերպութիւններ այդ նախըտրութեան համար բողոք յայտնեցին Թրամփի դէմ։
Համայն հայութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն այսօր կը վերյիշէ Մեծ եղեռնը եւ համախմբուած անոր 104-րդ տարելիցին օրը, սրբադասեալ նահատակներուն բարեխօսութիւնը կը խնդրէ՝ երկիւղած աղօթքով, խոկումով, բիւր յարգանքով, ապագայի նկատմամբ յոյսով ու խաղաղութեան անփոփոխ մաղթանքով:
23 Ապրիլը խանդավառութեամբ կը տօնուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ՝ միասնականութեան գիտակցութեամբ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Նիւ Եորքի մէջ վերջերս համերգ մը տեղի ունեցած է նախկին պոլսահայ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիի ծննդեան 75-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Այս փառաշուք ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ), Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի, Հայ օգնութեան ֆոնտի, «Հայ ժողովուրդի անմիջական օգնութիւն»ի եւ Հայկական ռատիօժամի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ խանդավառութեամբ տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը։ Տաղաւարի առթիւ աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ, բոլորը զիրար ողջունեցին տօնական աւետիսով։
Cumhurbaşkanı Sayın Recep Tayyip Erdoğan'ın, Paskalya münasebetiyle yayımladıkları mesajları aşağıda sunulmaktadır:
Ուքրայնայի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Սա արդէն ընտրութեան երկրորդ փուլն էր, որմէ յաղթական դուրս եկաւ Վլատիմիր Զելենսքի։
Երէկ, առաւօտեան ժամերուն աշխարհ ցնցուեցաւ Սրի Լանքայէն հասած ահաբեկչական ահաւոր յարձակումներու շարքի մը լուրերով։ Այսպէս, մայրաքաղաք Քոլոմպոյի մէջ նոյնաժամանակ ութ ռմբակոծում տեղի ունեցաւ։
Թուրքիա շաբաթավերջին մեծ ցնցում ապրեցաւ Հաքքեարիէն հասած ահաբեկչական յարձակման վերաբերեալ լուրերով։ Այսպէս, չորս զինուորներ նահատակուեցան ահաբեկչական յարձակման հետեւանքով, ինչ որ խոր յուզում եւ ցասում յառաջացուց երկրին մէջ։