ՓԱՔԻՍՏԱՆՑԻ ՍԱՀՄԱՆԱԽԱԽՏ
Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ երէկ ձերբակալուեցաւ Փաքիստանի քաղաքացի մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս սահմանապահները ձերբակալեցին այս սահմանախախտը, որ կը փորձէր Թուրքիա-Հայաստան սահմանը հատել ապօրինի ձեւով։ Ըստ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն, քանի մը օր առաջ սահմանապահները Թուրքիոյ տարածքին մէջ նկատած էին Հայաստանի սահմանին մօտեցող այդ անձը։
Փարիզի Նոթրը Տամ մայր տաճարի վերանորոգութեան համար այժմէն հանգանակուած է 1 միլիառ եւրօ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, երէկ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կողմէ։
Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ գործակցութեան զարգացման հեռանկարները ուշադրութեան առարկայ:
ՀԲԸՄ Նիւ Եորքի մէջ ճաշասեղանով մը պատուեց Հայաստանի վարչապետի տիկինը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանը, որ միեւնոյն ժամանակ գլխաւոր ճարտարագէտն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Սինոփսիս» ընկերութեան։ Երուանդ Զօրեան սփիռքահայ յայտնի գործիչ մըն է, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան մաս կը կազմէ եւ ՀԲԸՄ-ի ջանքերով ստեղծուած Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր-նախագահն է։
Եւրոպայի սրտին վրայ համաքրիստոնէական աննկարագրելի ողբերգութիւն. Փարիզի Նոթրը Տամ պատմական, հոյակերտ մայր տաճարը հրոյ ճարակ դարձաւ երէկ երեկոյեան ժամերուն՝ նորոգութեան փուլի մէջ ծագած ահաւոր հրդեհին հետեւանքով:
VADİP-ի անունը երէկուան ժողովի լոյսին տակ կը փոխուի որպէս՝ Թրքահայ վաքըֆներու միաւորում:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։