ԱՄՆ ԵՒՍ 2 «Ֆ-35» ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒ ԿԸ ՅԱՆՁՆԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ երէկ ի վերջոյ դրական լուրեր հաղորդուեցան։ Փենթակոնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ պատկանող «Ֆ-35» ռազմաօդանաւ մը յանձնուած է Արիզոնայի մարզման խարիսխին։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երեք հետաքրքրական նոր գիրքեր, որոնց բոլորն ալ արժէք կը ներկայացնեն իրենց վերաբերած նիւթին, պատկանած բնագաւառին տեսակէտէ։
Զօհրապ Մնացականեան Ատիս Ապապայի մէջ տեսակցեցաւ ֆրանսախօս երկիրներու դեսպաններուն հետ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Սա երկու երկիրներու ղեկավարներու այս տարուան երկրորդ հանդիպումը եղաւ Մոսկուայի մէջ։
Մինչ այս տարի կը նշուի Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը, ներկայ յոբելենական շրջանին իր անմահական ու դասականացած գործերէն մին թարգմանուած է թրքերէնի։ Յովհաննէս Թումանեան հայկական գրականութեան առանցքային դէմքերէն մին է եւ իր թողած ժառանգին մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ մանկական գրականութիւնը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան ստացաւ լոնտոնեան «Արսենալ»ի փետրուար ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը: Երեսուն տարեկան միջնապահ Մխիթարեան ըսաւ, թէ հաճելի է ստանալ լաւագոյն ֆութպոլիստի այս մրցանակը:
Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վիքթորիա Մաքսոյեւայի եւ Գարիկ Աբէլեանի հեղինակած «Եւ կանգնած էր տաճարը Սեւ ծովի ափին» վաւերագրական ժապաւէնին շնորհանդէսը, որ նուիրուած է Պաթումի հայոց պատմական Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ: Ժապաւէնը նկարահանուած է «Ակորա-Ժորժիա-Վիքթորիա Մաքսոյեւա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ Վիրահայոց թեմի եւ Պաթումի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հովիւին:
Ֆրանսական մամուլին համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիկ, այժմ ֆրանսական Մոնփելիէի մարզիչ Միշել Տէր-Զաքարեան Ֆրանսայի մարզիչներու դասաւորման մէջ (աւելի շատ վճարուող) կը բաժնէ 11-13-րդ դիրքերը՝ ստանալով ամսական 60 հազար եւրօ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները դարձեալ կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէր մը։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնները երէկ փոխանակեցին վերջնագրային ոճով պատգամներ։