ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՔԱՅԼ
Սուրիոյ տագնապը կը շարունակէ մնալ թրքական դիւանագիտութեան կիզակէտին։ Անգարա իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ այս խնդրին շուրջ՝ որպէս առանցքային դերակատար։ Այս ծիրին մէջ Թուրքիա յառաջիկայ շրջանին պիտի կազմակերպէ կարեւոր գագաթաժողով մը։
Աշխարհահռչակ լուսանկարչի վաղուան յուղարկաւորութեան ընդառաջ՝ համատարած զօրակոչ պատշաճ շուքով հրաժեշտ մը կազմակերպելու նպատակով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ յուզումով արձագանգեց աշխարհա-հըռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան։ Հայաստանի պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերը հրապարակեցին ցաւակցականներ։
«Իսթանպուլի աչք»ը փակուեցաւ 90 տարեկան հասակին. ոչ եւս է «Դարու լուսանկարիչը» կոչման արժանացած, պարգեւներու եւ մրցանակներու դափնեկիր աշխարհահռչակ վարպետը, որ կը դասուէր կենդանի առասպել: Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիէն: Արա Կիւլէր եղած էր իր ապրած ժամանակի վաւերագրողը, մարդկութեան երթի սուր եւ եզակի դիտարկողը: Ծանր եւ անփոխարինելի կորուստ զանգուածային լրատուութեան աշխարհի եւ գեղարուեստական կեանքի տեսակէտէ: Նախագահ Էրտողան երէկ երեկոյեան ցաւակցեցաւ ընտանիքին: Պոլսահայութիւնը կը սգայ՝ անհաւատալի ու վառ դրուագներու որսորդ իր այս մեծանուն ու մեծատաղանդ զաւկի հրաժեշտը:
Էրտողան երէկ «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին հետ: «Եթէ Ուաշինկթըն ունի դժուարութիւններ, ապա Թուրքիա Մենպիչը կրնայ առանձին մաքրագործել ահաբեկիչներէն»:
Հայաստանի վարչապետը ձեւականօրէն լքեց պաշտօնը՝ երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով սփռուած ժողովուրդին ուղղեալ յայտարարութիւնով. «Այս հրաժարականի նպատակը ձեր առջեւ ստանձնուած պատասխանատուութենէն փախչիլը չէ, այլ ընդհակառակը՝ մեր միասին իրականացուցած յեղափոխութիւնը աւարտին հասցնելը՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու եւ ամբողջ իշխանութիւնը ժողովուրդին վերադարձնելու միջոցաւ»։