ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլայի հետ։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուեցան այս կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան, երկրի մշակոյթն ու արժէքները այս կառոյցէն ներս լաւագոյնս ներկայացնելու հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց շարք մը հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցան երկրի կարգ մը դեսպանները։ Այսպէս, Էտկար Ղազարեան ետ կանչուեցաւ Լեհաստանի դեսպանի պաշտօնէն։
Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ վերջերս տարածքաշրջան կատարած այցելութեան արդիւնքներուն։
«Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս սգահանդէս՝ Փաշինեանի մասնակցութեամբ:
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմենիստանի մասնակցութեամբ եռակողմանի գագաթաժողով մը կազմակերպելու ուղղութեամբ խմորումներ. Մեւլիւտ Չավուշօղլու բանակցութիւններ վարեց Ռաշիտ Մերետովի հետ՝ քննարկելով ուժանիւթի անվտանգութեան հարցեր:
Յունաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգի վրայ կը գտնուին Սահմանադրութեան բարեփոխումներ։ Երկրի կառավարութիւնը կը նախատեսէ այս փոփոխութիւնը Սահմանադրութեան մէջ ամրապնդել աշխարհավարութեան հիմքերով։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ շաբաթ Թուրքիա պիտի այցելէ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հարկ է նշել, որ ներկայ տարուան տեւողութեան երկու ղեկավարները ուղղակի կամ հեռաձայնով զրուցած են 32 անգամ։
Թիւրքմենիստանի մէջ կազմակերպուած ծանրաբարձութեան համաշխարհային առաջնութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականն ալ մրցաշարքի աւարտին վերադարձաւ Երեւան։