ՄՈԿԵՐԻՆԻ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԳԱՅ
Ներկայ շաբթուան տեւողութեան Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ տեղի պիտի ունենայ բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութեան հերթական ժողովը։ Յառաջիկայ հինգշաբթի, 22 նոյեմբերին նախատեսուած են բանակցութիւնները, որոնց առթիւ Թուրքիա պիտի այցելեն Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար ու Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանն։
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցան Սամաթիոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 315-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմութեան 80-րդ կրկնակ տարեդարձները։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը օրակարգի վրայ եկաւ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի ժողովի ընթացքին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Իտալիա։ Հռոմի մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ Ազգային հետազօտութիւններու խորհուրդի նախագահ Մասսիմօ Ինկուշոյի հետ։
«Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 38-րդ հատորին համար ծանօթացման շահեկան հաւաքոյթներ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան նախընթաց օր այցելեց «Մուրացան» համալսարանական հիւանդանոցը, ուր բուժում կը ստանան յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներ։ Սա Հայաստանի կարեւորագոյն բժշկական մասնագիտական հաստատութիւններէն մին է։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի համանախագահներուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։
«Սթար» զտարանը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ երկկողմանի գործակցութիւնը:
Էմինէօնիւի պատմական Եգիպտական շուկայի Գործարարներու միութեան ղեկավարութիւնը վերջերս հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինին, որ ներկայիս նշանակուած է Անգարայի կուսակալ։