ՇՈՒՐՋ ՀԱՐԻՒՐ ՄԵՌԵԱԼՆԵՐ ՆԻԺԵՐԻՈՅ ՄԷՋ
Նիժերիոյ մէջ վերջին օրերուն աւելի քան հարիւր հոգի զոհուած է հեղեղներու հետեւանքով։ Տեւական տեղատարափներէ յետոյ ափերէն դուրս եկած են երկրի երկու խոշորագոյն գետերը՝ Նիժերը եւ Պենուէն:
Նիժերիոյ մէջ վերջին օրերուն աւելի քան հարիւր հոգի զոհուած է հեղեղներու հետեւանքով։ Տեւական տեղատարափներէ յետոյ ափերէն դուրս եկած են երկրի երկու խոշորագոյն գետերը՝ Նիժերը եւ Պենուէն:
Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած 16-ամեայ հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէնի երկիր վերադարձի խնդիրը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել հանրային կարծիքը։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը անցեալ շաբաթավերջին հաղորդած էր, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս հարցին շուրջ հեռաձայնով կապ հաստատած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ այս վերջինը ընդունած է ընդառաջել իր փափաքին՝ որպէսզի Ումութ Ալի Էօզմէն վերադառնայ Թուրքիա։
Շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ տեղի ունեցած «Ահմէտ Ճէօմերթ» կռփամարտի միջազգային մրցաշարքը, որ այս տարի 32-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ։ Աթագիւղի համանուն մարզահամալիրին մէջ կազմակերպուած մրցաշարքին մասնակցեցաւ 27 երկրէ 350 մարզիկ։ Քառօրեայ մրցաշարքի բացման ելոյթներով հանդէս եկան՝ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին, Թուրքիոյ Կռփամարտի դաշնակցութեան նախագահ Էյիւպ Կէօզկէչ եւ Ահմէտ Ճէօմերթի որդին՝ Աթիլլա Ճէօմերթ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Սոչի, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ հարցերը։
Նկարիչ Յարութ Յովսէփեան իր առաջին անհատական ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուցած է բազմաոճ գործեր։ Այսպէս, երիտասարդ նկարիչ ՅովՅարի (Յարութ Յովսէփեան) «Դու...» խորագրով ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուած ստեղծագործութիւնները աչքի կը զարնեն առեղծուածայնութեամբ եւ կ՚արտայայտեն նկարիչի ցանկութիւններն ու մտահոգութիւնները:
Գիրով ու գիրքով մտած է մեր ժողովուրդը քաղաքակրթական աշխարհ. այդ պատճառաւ ալ նուիրական եղած է հայ գիրքը հայ ժողովուրդին համար. մինչեւ անգամ բուժիչ յատկութիւն մը տուած է մեր ժողովուրդը Նարեկի պէս գիրքի մը եւ զայն զետեղած է հիւանդի բարձին տակ։ Թէ ինչքան բուժում բերած է ան հիւանդի ցաւերուն՝ կը մնայ հարցական, բայց կասկածէ վեր է, որ անոր հոգեբանական արդիւնքը եղած է կազդուրիչ։
Հայկական շարժանկարի ժառանգութեան իրաւունքները փոխանցուած են «Հայֆիլմ» շարժանկարի արուեստանոցի իրաւայաջորդ հանդիսացող Հայկական ազգային շարժանկարի կեդրոնին:
Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած 16-ամեայ Ումութ Ալի Էօզմէնի երկիր վերադառնալու խնդիրը լուծում կը գտնէ երկու երկիրներու ղեկավարներու միջամտութեամբ։ Միջոց մը առաջ Կարսի սահմանակից տարածքէն ապօրինի ձեւով Հայաստան անցած Ումութ Ալի Էօզմէն որոշ ատենէ մը ի վեր ձերբակալւած կը գտնուէր Հայաստանի մէջ։
Փաշինեան երէկ Մաքրոնի կողմէ բարձր արարողակարգով ընդունուեցաւ Էլիզէի պալատէն ներս:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարութիւնները միշտ ջատագով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման:
Սպահանի մէջ տեղի ունեցած Մանկապատանեկան ժապաւէններու 31-րդ միջազգային փառատօնի շրջագծէն ներս, կազմակերպութեամբ Սպահանի 5-րդ շրջանի քաղաքապետարանի Քաղաքի բարեզարդման կազմակերպութեան, 3 սեպտեմբերին, Նոր Ջուղայի «Ջուլֆա» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Սպահանի մէջ ծնած եւ գործունէութիւն ծաւալած, հայ շարժապատկերի քննադատ եւ բեմադրիչ, հանգուցեալ Զաւէն Ղուկասեանի կիսանդրիի բացումը: