Լրահոս

ՄԱԼԻՔԵԱՆԻ ՄԱՅՈՐՔԱՅԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Սպանիոյ արքայական ընտանիքը ներկայ գտնուած է յայտնի ջութակահար Արա Մալիքեանի համերգին։ Օգոստոս 1-ին, Մայորքայի մէջ հանգստացող Սպանիոյ արքայական ընտանիքի անդամները ներկայ գտնուած են հայազգի տաղանդաւոր ջութակահար Արա Մալիքեանի համերգին:

ԾԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՀԱՆՈՒՄԸ ԱՒԵԼՑԱԾ

Ծիրանի արտահանումը, նախորդ տարուան համեմատ աւելցած է 78 տոկոսով։ Այս մասին, նախընթաց օր, կառավարութեան յարկին տակ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՉԻ ՄԱՍՆԿՑԻՐ «ԵՒՐՈՊԱՍՔԵԹ-2021»ԻՆ

Պասքեթպոլի տղոց Հայաստանի ազգային հաւաքականը պիտի չմասնակցի «Եւրոպասքեթ-2021»ի նախընտրական փուլին: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի դաշնակցութիւնը:

ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովը Երեւանի մէջ համախմբած է 24 երկրէ 120 կրթական մշակ, որոնց խօսք ուղղեց Արայիկ Յարութիւնեան:
Քառօրեայ ծրագիրը կը նախատեսէ դաստիարակչական հարցերու շուրջ բազմակողմանի քննարկումներ, որոնց կը մասնակցին նաեւ պոլսահայ ներկայացուցիչներ:

ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԿԻՒՄՐԻԻ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ ՄԷՋ ՍԱՀՄԱՆԱԽԱԽՏ ՄԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ

Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ ձերբակալուեցաւ սահմանախախտ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը ձերբակալեցին սահմանը խախտած անձ մը, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի է։ Այս վերջինը ձերբակալուած է Կիւմրիի սահմանապահ ջոկատի տեսադաշտին մէջ՝ ճարտարագիտական-թեքնիկ միջոցները յաղթահարել փորձելու ժամանակ։

ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ռուս պաշտպանութեան փոխ-նախարարը այցելեց Երեւան եւ հիւրընկալուեցաւ բարձր մակարդակով:
Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Ալեքսանտր Ֆոմին անդրադարձան Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի եւ պետական սահմանի վիճակին, նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային ու միջազգային ռազմաքաղաքական կացութեան շուրջ: Օրակարգի վրայ եկան նաեւ ռուսական ռազմակայանի գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր:

ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԱԹ ՓԱՐԻԶ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Փարիզ։ Կը հաղորդուի, որ 9 օգոստոսին ան Փարիզի հայկական դեսպանատան մէջ պիտի մասնակցի բաց հանդիպումի մը ու պիտի պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն։

Էջեր