ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏՕՆԵՑ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լիխթէյնշթայնի հաւաքականը։ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու աւարտին հայկական ընտրանին յաղթանակ տօնեց 2-1 արդիւնքով։

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս երէկ այցելեց Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Բացի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ տեսակցելէ, Մաաս ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
«Հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւն» գիրքը դրուած է ընթերցողներու սեղանին։ Այսպէս, Հայաստանի մէջ վերջին քաղաքական իրադարձութիւնները ամփոփուած են գիրքի մը մէջ:
Երեւանի Մոսկովեան-Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին վերջերս զետեղուեցաւ հայկական գամփռ ցեղատեսակի շան արձանը:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ մայրաքաղաք Անգարա։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը կը հիւրընկալուի Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան մօտաւոր անցեալի ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով լուրջ վնասի ենթարկուած Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերականգնման հարցերը։
Ռուսաստանի ռազմաօդային զօրքերը երէկ ռմբակոծեցին Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքը. Սուրիոյ բանակին կողմէ ալ թնդանօթներ կ՚արձակուին :
ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմաննիւէլ Մաքրոն 31 օգոստոսին ընդունեց Փարիզի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Էլիզէի պալատին մէջ կայացած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի մէջ յաջորդ ամիս տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Խրղըզիստանի մէջ մասնակցութիւն բերաւ Թրքական խորհուրդի 6-րդ գագաթաժողովին: