Մոռցուած Կերպարուեստագէտներ. Արշակ Ֆեթվաճեան
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Մոռցուած կամ լուսանցքայնացուած արուեստագէտներ եղած են, կան ու ասկէ ետք ալ պիտի ըլլան աշխարհի տարածքին: Երբ թոյլերն ու միջակներն են անոնք, ժամանակը դաժանաբար կը վարուի անոնց հետ եւ մոռացութեան կ՚ենթարկէ արդարօրէն: