Հարթակ

ՅՈՅՍԻ ԿԱԹԻԼՆԵՐ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ե­րե­ւա­նի գե­ղե­ցիկ այ­գի­նե­րէն մէ­կուն ա­մէ­նօ­րեայ այ­ցե­լու­նե­րէն է Տի­կին Լու­սին: Ան կը սի­րէ ա­ռանձ­նա­նալ բնու­թեան գիր­կը, ա­ռօ­րեայ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն հե­ռա­նալ, մոռ­նալ տե­սիլ­քի մը պէս անց­նող մի քա­նի տա­րի­նե­րը, ան­ցեա­լի փառ­քի կո­րուս­տը, ներ­կայ ան­կա­յու­նու­թիւ­նը...:

ԱՆԱՐՈՒԵՍՏ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

​Տուն վե­րա­դար­ձայ եր­կար օ­րուայ մը աշ­խա­տան­քէ ետք: Յոգ­նած էի: Զո­վա­ցու­ցիչ մը առ­նե­լով պատշ­գա­մը սո­վո­րա­կան բազ­կա­թո­ռիս վրայ նստայ, ձայ­նաս­փիւ­ռը միա­ցու­ցի եւ եր­կին­քի աստ­ղե­րը դի­տե­լով փոր­ձե­ցի հանգս­տա­նալ:

ԱՄԲՈՂՋ ԴԱՐ ՄԸ ԱՊՐԱԾ ԵՂԱՒ ՄԵՐ ԱՐԵՒԱՓԱՅԼ «ԱՐԵՒ»Ը

ՏՔԹ. ՆՈՒ­ՊԱՐ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը լա­ւա­գոյնս ըմբռ­նել կա­րե­նա­լու հա­մար, պատ­մա­բան­ներ, խմբա­գիր­ներ եւ լրագ­րող­ներ հար­կադ­րուած կը զգան դի­մե­լու իւ­րա­քան­չիւր հայ գա­ղու­թի մա­մու­լին, որ շտե­մա­րանն է տե­ղե­կու­թեանց: Արդ, այդ օգ­տա­շատ աշ­խա­տան­քը կա­րե­լի կը դառ­նայ ե­թէ եր­բեք ի յա­ռա­ջա­գու­նէ զա­նա­զա­նու­թիւն մը դնենք հզօր եւ նուազ հզօր հայ մա­մուլ ու­նե­ցող այն եր­կիր­նե­րուն մա­սին, ուր հա­յեր կ՚ապ­րին: Շատ փոքր հա­մայնք­ներ հասկ­նա­լիօ­րէն կը մնան մա­մու­լէ զուրկ, հե­տե­ւա­բար դիւ­րաւ կը մոռ­ցուին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԱՋԸ ՊԻՏԻ ԿԱՐՈՂԱՆԱ՞Յ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ՏԱԳՆԱՊԷՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Է­վիկ­տոր Լի­պըր­մա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար նշա­նա­կուե­լէն ետք, Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ Քը­նե­սէ­թի ան­դամ­նե­րու ամ­բող­ջա­կան նե­ցու­կը ա­պա­հո­վել: Ու հա­կա­ռա­կ ա­նոր, որ իս­րա­յէ­լեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւող տար­բեր դէ­տեր խոր մտա­վա­խու­թիւն­ներ ու­նե­ցան, ծայ­րա­յե­ղա­կան կե­ցուածք­նե­րով Լի­պըր­մա­նի նա­խա­րար նշա­նա­կուե­լուն ա­ռըն­թեր ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու այս քայ­լով պի­տի փոր­ձէ իր իշ­խա­նու­թիւ­նը փրկել միա­ժա­մա­նակ քա­ղա­քա­կան աջ թե­ւը դուրս հա­նե­լով խոր տագ­նա­պէ մը:

ԱՆՆՇԱՆ ՓՈՍԷՆ ԴԷՊԻ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ման­կու­թեանս օ­րե­րուն կը յի­շեմ, երբ մեր հա­յա­շատ թա­ղի բնա­կիչ­նե­րը հա­ւա­քուէին, ան­յա­պա­ղօ­րէն ա­նոնց մի­ջեւ կ­­՚ըն­թա­նար ին­ծի հա­մար մա­սամբ ան­հասկ­նա­լի զրոյց մը: Ա­նոնք կար­ծես ան­սա­լով ի­րենց ար­մատ­նե­րու կան­չին եւ զար­մա­նա­լիօ­րէն կրե­լով ի­րենց ար­մատ­նե­րու յատ­կու­թիւն­նե­րը, կը զրու­ցէին ու եր­բեմն նոյ­նիսկ կը վի­ճէին, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ո­ճով ու բար­բա­ռով:

Մի­ջազ­գա­յին եր­կօ­րեայ գի­տա­ժո­ղով՝ նուի­րուած ա­րեւմ­տա­հայ նշա­նաւոր ման­կա­վարժ Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­նի 150-ա­մեա­կին

ԼԵ­ՒՈՆ ԼԱ­ՃԻ­ԿԵԱՆ

Ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տուն խօսք մը կայ. մար­դը կ՚ապ­րի այն­քան, որ­քան զայն կը յի­շեն: Այս ի­մաս­տով պոլ­սա­հայ մեծ ման­կա­վարժ ու դաս­տիա­րակ Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­ն (1866-1950) իր մահ­կա­նա­ցուն կնքե­լէ յե­տոյ եւս կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ, ապ­րիլ իր սա­նե­րու մտա­ծում­նե­րուն ու ձեռ­նար­կում­նե­րուն, ա­նոնց մէջ ու ա­նոր հե­տե­ւորդ­նե­րու մի­ջո­ցով:

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԻ ՎԷՐՔԸ - Բ -

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ա­ռա­ջին ան­գամ Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը տե­սայ 1999 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րին: Սեւ ու բարձր դար­պաս­նե­րը կը բաժ­նէին աղմ­կոտ Նի­կո­սիան 1924 թուա­կա­նին ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով զանգ հնչե­ցու­ցած Մել­գո­նեա­ն կր­թա­կան հաս­տա­տու­թեան (ՄՀԿ) տա­րած­քէն: Տա­րած­քը նաեւ կը յու­շէր, որ Մել­գո­նեա­նը միայն քա­րե­ղէն ամ­րոց մը չէր, այլ ո­գի էր:

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԻ ՎԷՐՔԸ - Ա -

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Կիպ­րո­սի սրտին վրայ հանգ­չող Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը (ՄԿՀ) 2005 թուա­կա­նէն ի վեր չի գոր­ծեր: Տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով դպրո­ցի վե­րա­բաց­ման օ­րա­կար­գը կը յայտ­նուի թէժ քննար­կում­նե­րու ա­ռանց­քին, սա­կայն այդ քննար­կում­նե­րը չեն անց­նիր սոսկ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու ծի­րը: Շա­տեր մե­ղա­ւոր­ներ կը փնտռեն Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան փակ­ման ո­րո­շու­մը գոր­ծադ­րող կող­մը հա­մա­րե­լով գլխա­ւոր մեղ­սա­կից:

ՀՈԳԻՆ ԹԷ ՏԱՌԸ

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

Ինչ լաւ ե­ղաւ, երբ Սփիւռ­քի հա­յու­թիւ­նը ար­հես­տա­կան ար­բա­նեակ­նե­րու մի­ջո­ցով սկսաւ վայ­լել Հայ­րե­նի­քի հե­ռուս­տա­կա­յան­նե­րը: Սփիւռ­քաբ­նակ հա­յու բա­ռա­պա­շա­րը հարս­տա­ցաւ, նա­խա­դասու­թիւն­նե­րու շա­րա­հիւ­սու­թիւնն ու ար­տայայ­տու­թիւն­նե­րու դար­ձուածք­նե­րը ա­ռա­ւել կո­կիկ դար­ձան:

Ազգային Մշակոյթը Կը Դառնայ Աղօտ Յիշատակ, Ինչպէս Զայն Դարձնել Գոյատեւման Հզօր Ազդակ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

​Խորհր­դա­ծու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի հայ­կա­կան սփիւռք­նե­րու: Հա­յաս­տան ա­ռան­ձին պա­րա­գայ է: Այդ մա­սին ալ խօ­սող­ներ կան, պէտք է խօ­սուի:

Էջեր