«Պապիդ Լեզուն Խօսա՛…»
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Աթլանթա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Փետրուար 2017: Աթլանթա եղած էր տեղացի հնդիկ ժողովուրդին կարեւոր ոստանը, երբ Եւրոպայէն տարբեր ազգեր սկսան «տեղաւորուիլ» այս շրջանը: Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմին՝ 19-րդ դարուն, Աթլանթան դարձած էր զինուորական գործունէութիւններու կեդրոն: