«ՀԱՄԱՍ» ՆՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄԸ ՍԵՄԻՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Պաղեստինը պաղեստինցի արաբ ժողովուրդին երկիրն է: Եւ այդ հողին վրայ հաստատուած է իսլամութիւնը ու տարածած իր վսեմ գաղափարները»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Պաղեստինը պաղեստինցի արաբ ժողովուրդին երկիրն է: Եւ այդ հողին վրայ հաստատուած է իսլամութիւնը ու տարածած իր վսեմ գաղափարները»։
ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Արդէն քանի մը ամիսներ անցած են Թրամփի վարչական իշխանութենէն, բայց տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՞նչ ընթացք պիտի առնէ Պրն. Նախագահին արտաքին քաղաքականութիւնը։ Յստակ է, սակայն, թէ ինչ որ յատկանշեց, ընտրարշաւի ատեն, Տանըլտ Թրամփի գրգիռը, մարտունակութիւնը եւ անփութութիւնը, վերապրած են ու կը շարունակուին։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը իր նաւթային եւ կազային բազմամիլիառ եկամուտները կը բաշխէ հետեւեալ չորս ուղղութիւններով՝ կաշառատուութիւն, Ալիեւի ընտանիքի եւ անոր բարեկամներու կողմէ թալան, ռազմական գնումներ եւ նախահաշիւային այլ հարցեր: Զարմանալի չէ, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութիւնը կ՚ապրի ծայրայեղ աղքատութեան մէջ՝ հակառակ Ալիեւի միապետութեան վաստակած նաւթային միլիառաւոր տոլարներուն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Տարիներ շարունակ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը զանազան երկիրներու քաղաքական գործիչներուն եւ պաշտօնեաներուն թանկարժէք նուէրներ մատուցած է առատօրէն, ինչպէս՝ մետաքսէ գորգեր, ոսկի, արծաթ, ձկնկիթ, կանխիկ դրամ եւ բոլոր ծախսերը վճարուած ճամբորդութիւններ՝ յօգուտ Ատրպէյճանի, բայց՝ ընդդէմ Հայաստանի ու Արցախի անոնց ձայներուն դիմաց: Այս անօրինական գործունէութիւնը այնքան մեծ տարածում գտած է, որ եւրոպացիները զայն կը նկարագրեն որպէս «խաւիարային դիւանագիտութիւն»:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ի՞նչ ըրի ես, ինչո՞ւ թոյլ տուի այս մեծ յանցանքին, որ անմոռնալի է, բայց ինչպէ՞ս ոտքերս ուղղուեցան դէպի հոն, տկարութի՞ն էր արդեօք, անցեալի կարօ՞տ, որուն հասնիլ կը կարծէի այս առնուած քայլով: Ո՛չ, երբե՛ք, անցեալը չի վերադառնար, չի վերակենդանանար, կարելի իսկ չէ, արդէն եթէ կարելի ըլլար, անցեալ չէր կոչուեր:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Սիրտը տախտակ ունի՞»։ Անկասկած չունի, երբ ան կապուած է մարդուս ֆիզիքական կազմուածքին հետ։ Վերոխորագրեալ հարցում-մակագիրը սոսկ կրօնաբարոյական բնոյթ ունեցող եւ կամ աստուածաշնչական համարներէն պոկուած հարցադրում մը չէ, այլ՝ կեանքէն առնուած եւ մարդուս նպատակաուղղուած հարցաքննութիւն մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արուեստաբան Նազարէթ Կարոյեան վերջերս այցելած է Իսրայէլ, ուր հանդիպումներ ունեցած՝ արուեստի տարբեր գործիչներու եւ շրջանակներու հետ: Այս առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ զրոյց մը ունեցաւ արուեստաբանին հետ:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Կարմիր բանակին եւ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերուն մէջ պատկառելի եղած է հայ զինուորներու, բարձրաստիճան զինուորականներու եւ հերոսներու թիւը: Հայաստանի պատմագիտութեան թեկնածու, սփիւռքագէտ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Քնարիկ Աւագեան «Նիւզ էյ. էմ.» կայքին մէջ ներկայացուցած է տուեալներ՝ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու բանակին մէջ հայերու մասնակցութեան մասին:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ծառ տնկողին կեանքը միշտ երկար եղած է, որովհետեւ հողագործին համար հողին հետ աշխատիլը կեանքի ժամացոյցի զսպանակ է եղած։ Հողագործը տիւուցայգ կը փորէ հողը՝ զայն բարեբեր դարձնելու համար, ծառերը կը պատուաստէ՝ զանոնք աւելի արգասաբեր դարձնելու համար, կ՚էտէ՝ աւելի եւս փարթամացնելու համար, կը ջրէ՝ կեանք եւ սնունդ տալու իր աչքի բիբին՝ այգիին։