ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Բանսարկութիւնն ու շողոքորթութիւնը նո՞յն բանն են:
Պատասխան. Եւ նոյնն են եւ նոյնը չեն: Նոյնն են, իրենց պատճառած արդիւնքով: Նոյնը չեն՝ կատարելու դիտաւորութեամբ: Թէ՛ բանսարկուն եւ թէ՛ շողոքորթը միեւնոյն նպատալը ունին՝ վնասել խնդրոյ առարկայ եղող անձը, կամ անձերը: