ԻՄԱՍՏՈՒՆԻ ՊԱՏՈՒԷՐԸ
ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ
Պարսիկ իմաստուն մը, անխորհուրդ խօսքերէ զգուշութեան արժէքը ցոյց տալու համար, ըսած է՝ «Աւելի լաւ է խորհիլ, թէ ի՛նչ պիտի ըսեմ, քան զղջալ, թէ ինչո՞ւ ըսի»: Այս պատուէրը այնքան կը յարմարի մեր իրականութեան, որ կարծէք, թէ յատկապէս մեզի համար ըսուած ըլլար: