ԼԻԲԱՆԱՆ-ԿԱՅԾՈՌԻԿՆԵՐ
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Ինչ որ մարդու կը վերաբերի, ամբողջութեամբ կարելի է վերագրել նաեւ կենդանական (անասնական) աշխարհի: Կ՚ըսենք հայրենասիրութիւն. միթէ՞ անտառի անասունները չունին իրենց հայրենիքը… ու երբեմն զիրար խաչաձեւելով՝ նաեւ մահացու մարտեր կը մղեն իրարու միջեւ, երբ իրարու սահմանները ասպատակած են, քանի որ ամէն անասուն ինք կը գծէ իր սահմանը: