ՊԶՏԻԿ ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ ՀԱԼԷՊԷՆ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Այսպիսի գրութիւնները կրնան դասակարգուիլ զանազան տեսակաւորումներով. օրինակ՝ յուշագրութիւն, տպաւորական գրութիւն, ճամբորդական մտորումներու կամ յուշագրութեան ժանրով գրութիւն… եւ այլն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Այսպիսի գրութիւնները կրնան դասակարգուիլ զանազան տեսակաւորումներով. օրինակ՝ յուշագրութիւն, տպաւորական գրութիւն, ճամբորդական մտորումներու կամ յուշագրութեան ժանրով գրութիւն… եւ այլն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անցեալ տարի, երկար ամիսներու առողջապահական վիճակիս պատճառած «չարչարանք-տանջանքներէն» ետք, իբրեւ ամառնային «արձակուրդ», այս տարի այր եւ կին որոշեցինք դարձեալ Հայաստան գալ, շաբաթներու համրանքով: Ու ի՜նչ մեղքս պահեմ, անհամբեր կը սպասէի հայրենիքէս ներս ապրած հին օրերուս գեղեցիկ յուշերուս վերադարձին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աւելի մեծ տապալումներ պիտի ըլլան՝ եթէ ազգի ոգին, քաջութիւնն ու կամքը շփոթահար դրուին նաւթի, ճանապարհներու եւ խողովակաշարներու մեծ կշիռքին վրայ:
Ի վերջոյ, ուրիշնե՞ր պէտք է ըսեն Հայաստանի տկարութիւններուն, թերութիւններուն եւ միամտութիւններուն մասին կամ հայկական ժանգոտած կշռաքարերը պէտք է մաքրուին միասնականութեամբ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•Ներկայ խռովայոյզ ու տագնապահար աշխարհին մէջ առանձնապէս, երբ Արեւելքն ու Արեւմուտքը, Հիւսիսն ու Հարաւը կ՚եռեւեփին հրաբխային քուրայի մը մէջ, երբ քաղաքական ու յեղափոխական աշխարհասասան խմորումներ ու վերիվայրումներ կը սպառնան հիմնովին վերափոխել ափրիկեան, ասիական, յատկապէս մերձարեւելեան ու փոքրասիական գօտիներու աշխարհագրական քարտէսը՝ քաղաքական ու ազգագրական բոլորովին նոր աշխարհի մը ձեւաւորումով, մեր բացակայութիւնը կրկին, պատմութեան բախտորոշ այս հանգրուանին, կազմակերպական տնտեսաարհեստագիտական, դիւանագիտական, քաղաքական կամ յեղափոխական եռեակ մակարդակներու վրայ, կրնայ ճակատագրական անդարմանելի հետեւանքներ ունենալ մեր ժողովուրդի ապագային համար:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սիֆիլիսով վարակուելու ձեւերը: Սիֆիլիսի արտայայտութիւնները. անոր խաղացած դերը ամուսնութեան մէջ: Հիւանդին սպառնացող վտանգը: Ընտանիքին սպառնացող վտանգը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչի՞ կը տանին հպարտութիւնն ու խոնարհութիւնը:
Պատասխան. Առակաց 18.12-ին մէջ կը կարդանք. «Կործանումէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ, բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ՚երթայ»:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Կարելի է նշել նաեւ այլ ոլորտներ, բայց անխուսափելի է շեշտը դնել ծառայողական եւ առեւտուրի մշակոյթի բնագաւառները, որոնց մէջ վարպետ եւ հմուտ կը համարուին սուրիահայերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ստեփանակերտէն ահազանգ. «Պէտք չէ ժողովուրդին կեանքը դարձեալ մտցնել աշխարհաքաղաքական խաղերու մէջ։ Վերջապէս ան պէտք է ապրելու իրաւունք ունենայ»:
Արցախէն տարհանումներու պարագային ամենակարեւոր խոչընդոտը Ռուսաստանի վերաբերմունքն է, որովհետեւ ան կ՚ուզէ, որ մարդիկ մնան ու այդպէսով հիմնաւորուի իր ներկայութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Չկայ գոնէ մէ՛կ մարդ, որ ճիշդ թարգմանէ առկայ պայքարներուն բովանդակութիւնը կամ խօսի, անկեղծօրէն խօսի ելքերու, լուծումներու եւ ապագայ ճանապարհներու մասին:
Արցախէն… Ղարաբաղ. ցաւը կորուստին առջեւ միայն անհատական չէ, այլեւ հաւաքական մեծ ախտերու, սխալ կողմնորոշումներու, կորսուած առիթներու եւ առհասարակ սխալ ընկալումներու ցաւն է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երէկ դիմատետրը յիշեցուց, թէ մէկ տարի առաջ՝ 18 սեպտեմբեր 2022-ին ինչ տեղադրած եմ էջիս վրայ: Ահաւասիկ.
«Քաղաքամայր Երեւանի մէջ անգամ մը Ռուսաստանի, անգամ մը Ամերիկայի եւ չեմ գիտեր ի՜նչ-ինչ երկիրներու դրօշակները ծածանեցնելով Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան, իմա՝ ապագաղութացման մասին կ՚երազեն...